Թ. Շ.
Փարիզեան շրջանի ամէն կողմերէն եկած շուրջ 100 հոգինոց բազմութեան մը առջեւ, որոնց մէջ ներկայ էին Շաւիլի հոգեւոր հովիւ Գուրգէն վրդ. Աղապապեան, Հայ նախկին ռազմիկներու միութեան նախագահ Անթուան Պաղտիկեան եւ այլ անձնաւորութիւններ։ Խօսք առաւ Վիրոֆլէի քաղաքապետ Օլիվիէ Լըպրեն, որ կարճ եւ դրուատալից կերպով ներկայացնելէ ետք Զապէլ Եսայեանի գրագէտի եւ ազգային գործիչի տիպարը, բացատրեց, թէ քաղաքապետարանի այս նախաձեռնութիւնը գրեթէ հետեւանք է դիպուածի մը: Արդարեւ, իր կցորդներէն Քրիսթին Գարոն (ծնեալ՝ Մանուկեան. հայ է հօրը կողմէ), շրջանի բնակիչ հայ պրպտողներու ալ օգնութեամբ յայտնաբերած է, որ Զապէլ Եսայեան առնուազն վեց տարի (1923-1929) ապրած է Վիրոֆլէ քաղաքի Լամարթին փողոցի թիւ 8 տունը (ներկայիս՝ թիւ 12), որ այսօր իր անունը կրող արահետին յարադիր է: Հոսկէ ալ ծնունդ առած է այս ծրագրին յղացումը: Պարոն քաղաքապետը նաեւ դիտել տուաւ, որ ամբողջ Ֆրանսայի մէջ կիներու անուններ կրող փողոցները կը կազմեն ընդհանուրին հազիւ 6 տոկոսը եւ այդ առումով ալ յատկանշական է երեւոյթը: Վերջաւորութեան, Օ. Լըպրեն նշեց, որ 2015ը յատուկ նշանակութիւն ունեցող տարի է՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի իր հանգամանքով, եւ այդ առթիւ ողջունեց ներկայութիւնը 100ամեակի նախաձեռնարկ յանձնաժողովի շրջանի պատասխանատու Հրայր Հրաչեանի, որուն «Հայ Մշակոյթի 101 Դէմքեր» հատորը կարեւոր դեր խաղացած է այս նախաձեռնութեան յղացման մէջ: Կարճ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Քրիսթին Գարոն, որմէ ետք ծափահարութիւններու ընկերակցութեամբ կատարուեցաւ քօղազերծումը արահետի ցուցատախտակին, ուր կը կարդանք հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Զապէլ Եսայեան, 1878-1943 հայ գրագիտուհի. ապրեցաւ Լամարթին փողոց, թիւ 12 հասցէին»: Ապա, ներկաները հրաւիրուեցան քաղաքապետարան, ունկնդրելու համար Զապէլ Եսայեանի նուիրուած պատմաբան, գրականութեան դոկտ. եւ ԻՆԱԼՔՕի դասախօս փրոֆ. Լեւոն Քէչէեանի դասախօսութիւնը: Ծայրէ ծայր լեցուն սրահին առջեւ, յարգելի դասախօսը աւելի քան մէկ ու կէս ժամ տեւողութեամբ շատ հետաքրքրական մասնագիտական տեղեկութիւններ ներկայացուց հայ գրագիտուհիի եւ ազգային գործիչի կեանքէն, գործունէութենէն, տխուր ճակատագիրէն:
Վերջաւորութեան, ընդունելութեամբ մը հիւրասիրուեցան ներկաները, որոնք ջերմ մթնոլորտի մէջ, բաժակներու շուրջ՝ իրարու կամ դասախօսին հետ զրուցելու առիթը ունեցան, նաեւ գնելու Զ. Եսայեանի գիրքերէն: