ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Պատճառը նախ այն է, որ աստուածաբանականօրէն ճիշդը Յունուար 6ն է եւ ամբողջ Քրիստոնեայ Աշխարհը սկզբնապէս Յունուար 6ին կը տօնէր Սուրբ Ծնունդը:
Ապա՝ հայ ժողովուրդին ազգային ինքնահաստատման գրաւականը եղած է Քրիստոնէութեան հայացումը եւ, այդ հիման վրայ, հայոց ազգային հաւատքի ու ազգային եկեղեցւոյ արմատաւորման ծառայած է Սուրբ Ծնունդը Յունուար 6ին տօնելու հայկական աւանդոյթը:
Միայն այդ հիմնաւորումով կարելի է բացատրել, թէ ինչո՛ւ հայ ժողովուրդը հանդիսացաւ առաջին ազգը, որ Քրիստոնէութիւնը հռչակեց պետական կրօն եւ մինչեւ վերջին շունչ պայքարեցաւ ազգային իր հաւատքին ու եկեղեցւոյ պաշտպանութեան համար:
Իբրեւ ՀԱՅ ապրելու, գոյատեւելու եւ զարգանալու մեր ազգային պայքարին գլխաւոր զէնքերէն ու զրահներէն մէկը, եթէ ոչ գլխաւորը հանդիսացաւ Քրիստոնէութեան հայացումը:
Ազգային մեր այս առանձնայատկութեան գերագոյն վկայութիւնը եղաւ Վարդանանց մղած սրբազան պատերազմը: Եւ զարմանալի չէ, որ հայկական զօրքի պարտութեամբ աւարտած Վարդանանց ճակատամարտը, այդուհանդերձ, դարձաւ անսասան վէմը հայոց բարոյական յաղթանակի աւանդին՝ իմացեալ մահով անմահութիւնը նուաճելու հայկական կենսափիլիսոփայութեան:
Պատմական եւ աստուածաբանական տեղեկանքի ու հիմնաւորումներու կարգով՝ կ՛արժէ նշել, որ Քրիստոնէութեան տարածման սկզբնական շրջանին, մինչեւ 300ականները, քրիստոնէութիւնը ընդունած ժողովուրդներն անգամ շարունակեցին պահպանել հեթանոսական տօներու իրենց ազգային աւանդութիւնները:
Չաստուածներուն ծն-նդեան օրեր տօնելու հեթանոսական աւանդութիւնները երկար ժամանակ շարունակուեցան եւ, հասկնալիօրէն, դատապարտանքի արժանացան Քրիստոնէութեան առաջին քարոզիչներուն կողմէ: Քրիստոնէութիւնը ոչ միայն բանադրեց հեթանոսական, բարբարոսական եւ անաստուածեան սովորութիւնները, այլեւ դարեր ամբողջ ընդդիմացաւ ու պայքարեցաւ նաեւ Քրիստոսի ծննդեան օրը տօնելու փորձերուն դէմ:
Բայց այդ պայքարը ապարդիւն անցաւ:
Սովորութեան եւ աւանդութեան ուժը յաղթեց:
Հետեւաբար, Քրիստոնեայ առաջին աստուածաբանները սկսան ուսումնասիրելու ու քննարկելու Յիսուս Քրիստոսի բնախօսական ծննդեան ճշգրիտ թուականը՝ յատուկ կարեւորութիւն ընծայելով Աստուածորդու Յայտնութեան եւ Մկրտութեան թուականներու ճշգրտումին:
Հանրագիտական տեղեկանքի համաձայն, 200 թուականին, Կղեմէս Աղեքսանդրիացին յայտնագործեց, որ Մարիամ Աստուածածինը յղացած էր Մարտ 25ին եւ, հետեւաբար, Յիսուսի բնախօսական ծննդեան թուական ճշդեց Դեկտեմբերի 25ը: Իսկ Յունուար 6ը նշանակեց իբրեւ Քրիստոսի մկրտութեան օրը:
Բայց ատենի քրիստոնեաներու մեծ մասին հետ, հայ ժողովուրդը եւս չընդունեց Յիսուսի ծնունդն ու մկրտութիւնը իրարմէ անջատ թուականներու տօնելու գաղափարը եւ, փոխարէնը, մինչեւ 5րդ դար, հին աշխարհի քրիստոնեաներու մեծամասնութիւնը Յունուար 6ին տօնեց Սուրբ Ծնունդը՝ միացնելով Աստուածայայտնութեան եւ Մկրտութեան տօները:
Հնագոյն արձանագրութեանց համաձայն՝ Սուրբ Ծնունդի առաջին տօնակատարութիւնը տեղի ունեցած է 336 թուականի Դեկտեմբեր 25ին, Հռոմի մէջ: Իսկ Քրիստոնէական առաջին պաշտօնական տօնը արձանագրուած է Յունուար 6ին, 361 թուականին եւ եղած է Աստուածայայտնութեան (Epiphany) տօնը:
451 թուականին, Քաղկեդոնի մէջ գումարուած քրիստոնէական եկեղեցիներու 4րդ տիեզերական ժողովին, Սուրբ Ծնունդը Դեկտեմբեր 25ին տօնելու Հռոմէական կայսերական պահանջը երկփեղկում յառաջացուց:
Թերեւս փակագիծ բացող մանրամասնութիւն է, այսուհանդերձ անտեսել կարելի չէ այն պատմական փաստը, որ ատենին՝ Դեկտեմբեր 25ին, հռոմէացիք կը տօնէին իրենց Արեւի աստուծոյ տօնը եւ կայսերական Հռոմը, Քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումը իր հպատակներուն ընդունելի դարձնելու համար, քաղաքական առանձնայատուկ պատճառներ ունէր պնդելու Սուրբ Ծնունդը Դեկտեմբեր 25ին տօնելու իր պահանջին վրայ:
Ամէն պարագայի, Քաղքեդոնի ժողովին, Արեւելեան եկեղեցիները կառչած մնացին Աստուածայայտնութեան եւ Քրիստոսի Մկրտութեան տօները միացնելու եւ միեւնոյն օրը՝ Յունուար 6ին Սուրբ Ծնունդը տօնելու իրենց աւանդութեան:
Այդ թուականէն ասդին, ահա՛ 1564 տարիէ ի վեր, հայ ժողովուրդը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Սուրբ Ծնունդը Յունուար վեցին տօնելու իր աւանդութեան, մանաւանդ որ, ըստ մեր պատմաբաններուն, Տրդատ թագաւորը եւ պաշտօնապէս առաջինը քրիստոնէութիւն ընդունած այլ անձեր Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ, Բագաւանի մէջ, Քրիստոնեայ մկրտուեցան ճիշդ Աստուածայայտնութեան օրը:
Քրիստոսի Ծննդեան եւ Մկր-տութեան միացեալ այս տօնը, հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, եկեղեցականին զուգահեռ միշտ ալ ունեցած է համաժողովրդական տօնախմբութեան բնոյթ:
Տօնին նախորդող շաբաթը պահք է մեր ժողովուրդին համար եւ, սկզբնական դարերէն, հայերը Նոր Տարուան իրենց սեղանները զարդարած են պասուց կերակուրներով: Պահքի այդ շաբթուան ընթացքին ընդունուած է քիչ աշխատիլ, որոշակի ծանր գործերէ բոլորովին հրաժարիլ: Յունուար մէկէն մինչեւ վեց, հայոց օջախներէն կրակը անմար պէտք է մնայ:
Յունուար հինգին, հայոց եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ՛ունենայ երեկոյեան ժամերգութիւն, որմէ ետք մասնակիցները իրենց տուները կը տանին այնքան թիւով վառած մոմ, ինչքան ընտանիքի անդամ ունին: Եկեղեցիէն տուն վերադառնալէ եւ Սուրբ Ծննդեան աւետիսը իրարու փոխանցելէ ետք, Պահքը կը բացուի եւ մոմերու լոյսին տակ ամբողջ ընտանիքը կը բոլորուի նահապետական սեղանին շուրջ:
Այդ երեկոն մեր ժողովուրդը կ՛անուանէ Թաթախման երեկոյ: Սեղանին վրայ դրուած կ՛ըլլան սիսեռով ու չոր բանջարեղէնով ապուր (Մարիամայ ճաշ), խաշիլ, ձկնային ճաշատեսակներ, այլազան փիլաւներ, Ծննդեան յայտնի փախլաւան: Հայկական որոշ շրջաններու մէջ, յատուկ Ս. Ծննդեան տօնին համար, ամբողջ տարին անասուն ալ կը խնամեն (գառ, ուլիկ, հորթ) եւ տօնի նախօրեակին կը մորթեն:
Ընթրիքէն առաջ, տան մէջ խունկ կը վառեն՝ չար ոգիներուն ու սատանայի ազդեցութիւնը չէզոքացնելու համար: Աւանդութիւն է, նաեւ, որ սպիտակ շապիկ հագած պատանիներու՝ Քրիստոսի Ծնունդը աւետող խումբերը շրջին տունէ տուն եւ աւետիսներ երգեն:
Իսկ Յունուար վեցին, Սուրբ Ծննդեան յատուկ պատարագէն ետք կը կատարուի Յորդանան գետին մէջ Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող արարողութիւնը («æրօրհնէք» կամ «Խաչը ջուրը նետել»): Քահանայ հայրը, հաւաքուած ժողովուրդի ներկայութեան, խաչը կը նետէ ջուրը եւ միւռոն կը կաթեցնէ ջուրին մէջ: Այդ հրաշագործ ջուրը հաւատացեալ ժողովուրդը տուն կը տանի, որպէսզի օգտագործէ հիւանդութեանց ու անյաջողութեանց դէմը առնելու համար. օրհնուած այդ ջուրը կը պահուի մինչեւ յաջորդ տարուան Սուրբ Ծնունդի տօնը: Երբ միւռոնը, ջուրին մէջ կաթեցնելէ ետք, կը տարածուի ջուրի երեսին, կը նշանակէ ուրեմն, որ նոր տարին առատ եւ բարեկեցիկ պիտի ըլլայ: Խաչը ջուրը նետելու պահը եւս կը վերածուի շքեղ տօնախմբութեան առիթի: Իսկ Խաչը ջուրէն հանելու պատուաւոր շնորհը կ՛ընծայուի եկեղեցւոյ Խաչ-քաւորին:
Հայկական աւանդոյթին համաձայն՝ æրօրհնէքէն ետք տարուան օրերը կը սկսին երկարելու, արեւը կը սկսի յաւելեալ ուժ հաւաքելու. աշխարհի լոյսը կը շատնայ, խաւարն ու մութը կը սկսին հիւծելու…
Եւ կեանքը նորովի թափ կ՛առնէ, կը բուրվառին մեր այս հին աշխարհի նոր մարդոց յոյսերն ու հաւատքը:
Սուրբ Ծննդեան տօնին ընդմէջէն՝ Քրիստոնէութեան հայեացման խորհուրդն ու աւանդը կը խտացնէ մեծատաղանդ մեր բանաստեղծներէն Վահան Թէքէեան իր «Եկեղեցին Հայկական» բանաստեղծութեան հետեւեալ վկայութեամբ.
Եկեղեցին Հայկական բարձըր բե՛ րդն է հաւատքին
Իմ պապերուս՝ որ հողէն զայն քար առ քար հանեցին
Եւ երկինքէն իջուցին զայն ցօղ առ ցօղ, ամպ առ ամպ
Ու թաղուեցան անոր մէջ հանդարտութեամբ, հեզութեամբ…