
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Արցախը մեր սիրտն է, մեր հոգին: Այդպէս կ՛ըսենք, կը յայտարարենք շատերս եւ ոչ ոք իրաւունք ունի կասկածելու մեր զգացումներու անկեղծութեան:
Ուրեմն, եկէք ուրիշ տեղ փնտռենք մեր թերացումներուն պատճառները, հիմքերը:
Եկէք ուրիշ բացատրութիւն փորձենք գտնել, թէ ինչո՞ւ Արցախի ազատագրուած տարածքները վերաբնակեցնելու նպատակով ձեռնարկուած ազգային վիճակահանութեան տոմսերու սպառումը իրականացած է 54 տոկոս յաջողութեամբ:
Եկէք փորձենք հասկնալ, թէ ինչո՞ւ ամբողջ ազգով չկարողացանք սպառել հինգ տոլար արժողութեամբ 260,000 տոմսերը եւ կազմակերպողները պարտաւորուեցան խաղարկումէն առաջ ոչնչացնել 119,000 տոմս:
«260,000 վիճակախաղի տոմսից իրացուել է 141,000ը»: Այս արդիւնքը կը ցոլացնէ՞ մեր վերաբերմունքը Արցախի հանդէպ, կը ցոլացնէ՞ մեր յանձնառութեան աստիճանը թանկագին արիւնով ազատագրուած հողին հանդէպ:
Եկէք կեդրոնանանք միայն Քալիֆորնիոյ վրայ: Ըստ մեր տեղեկութիւններուն՝ ամբողջ Քալիֆորնիոյ մէջ Արցախի ազգային վիճակախաղի սպառած տոմսերու թիւը հազիւ 22,500 է: Պատկերացուցէք այս նահանգի հայութեան կարողականութիւնը եւ բացատրեցէք, թէ ինչպէս կարելի է այսպիսի խղճալի արդիւնք արձանագրել եւ յանդգնիլ կուրծք ծեծելով Արցախի անունով երդնուլ:
«Վիճակախաղից ստացուած հասոյթով Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր համայնքում կառուցւում են առանձնատներ, որոնք շահագործման կը յանձնուեն 2015ի Փետրուարին: Նախատեսւում է նորակառոյց բնակարանների թիւը, այս փուլի հասոյթով, հասցնել 37ի, իսկ Իշխանաձորի բնակչութեան թիւը՝ 1000ի», կը գրէ «Ղարաբաղ Լայֆ» լրատու գործակալութիւնը: Այսինքն մենք՝ քալիֆորնիահայերս, բոլոր երեք հարիւր հազարս, չորս հարիւր հազարս կամ կէս միլիոնս (ինչ թիւ կ՛ուզէք տուէք մեր համրանքին) բաւարար համարեցինք 112,500 տոլարով մասնակցիլ Իշխանաձորի բնակչութեան թիւը հազարի հասցնելու ծրագրին:
Ինչո՞ւ: Կ՛ուզեմ հաւատալ, որ այս խեղճ արդիւնքը հետեւանքն է ձեռնարկը լաւ չքարոզելու, տոմսերու բաշխումը ճիշդ չկատարելու, վաճառ0ման գործընթացին մօտէն հետեւելու դրութեան պակասին եւ հաւանաբար դեռ շարք մը այլ գործօններու: Բայց ո՛չ ժողովուրդի, ո՛չ քալիֆորնիահայութեան, ոչ այլ շրջաններու հայութեան մեղքով:
Եկէք այս տարի տոկոսը բարձրացնելու, ինչու չէ նոյնիսկ հարիւր տոկոսի հասցնելու խոստում տանք, ակնկալելով կազմակերպողներէն մեր խոստումը յարգելու մղեն մեզ, գտնեն մեր հասցէները, տոմսերը հասցնեն մեզի ու ազատագրուած տարածքներու շէնացման գրեթէ բոլորիս մատչելի գումարով, մասնակցելու բաւարարութիւնը շնորհեն մեզի:
Չի կարելի մէկ կամ մի քանի վիճակագրութիւններով եզրակացնել թէ՝ հայութիւնն անտարբեր է: Այդպիսի բան չկայ առհասարակ: Ինքս եմ ականատես լինում, որ ժողովուրդը՝ հէնց այստեղից, ինչե՜ր է անում Հայաստանում ու Արցախում իր հարազատների համար: Այս ամէնի մասին չկան ստոյգ թուեր ու վիճակագրութիւններ:
Ու, վստահաբար, փոքր չի թիւը այն անձանց, որ մեծագումար նուիրատւութիւններ է կատարում հայրենիքին, բայց առանց շեփորելու: Այս ամէնի ստոյգ տեղեկութիւնները, բնականաբար, չունենք մենք: Հետեւաբար՝ առաջարկում եմ՝ միակողմանի չդատենք: Ականատես եմ ժողովրդի այդ մեծ զոհաբերութեանը, որ արժանի է բարձր գնահատման ու գովեստի: