
Ընդառաջելով Սուրիահայութեան Օժանդակութեան միացեալ յանձնախումբին կողմէ վերջերս ուղղուած կոչին, Քալիֆորնիոյ Հայկական ամէնօրեայ վարժարաններու աշակերտութիւնը լծուեցաւ գործի՝ օգնութեան հասնելու համար իր Սուրիահայ քոյր-եղբայրներուն:
Հովանաւորութեամբ վարժարաններու հոգաբարձութեանց ու վայելելով տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերու ամբողջական գործակցութիւնը՝ անոնք կազմակերպեցին բազմաթիւ միջոցառումներ, սկսեալ խմորեղէնի վաճառքէն մինչեւ պարանցիկ երեկոներ, ուրկէ գոյացած գումարները ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուին Սուրիահայ վարժարաններու կրթական կարիքներուն: Առաջնորդուած «Փոքր նուէր մը իմ դպրոցէս քու դպրոցիդ» նշանաբանով՝ աւելի քան երկու ամիսներու վրայ երկարող այս աշխատանքները իրենց լրումին հասան Դեկտեմբեր ամսուն, գոյացնելով 57,613.03 տոլար:
Բացի իրենց բերած նիւթական նպաստէն, այս միջոցառումները ունեցան նաեւ կարեւոր բարոյական իմաստ աշակերտութեան մօտ, զարգացնելով իրենց ազգակից երեխաներու օգնելու գիտակցութիւնը:
Յատկանշական եւ յուզիչ էր մանաւանդ կարգ մը երեխաներու պատրաստակամութիւնը:
Արդարեւ, անոնցմէ շատեր առաջարկեցին իրենց կէսօրուան ճաշի գումարը յատկացնել այս նպատակին:
«Այս երեւոյթը մեզ մեծապէս կը յուսադրէ ու կը մխիթարէ», յայտնեց յանձնախումբի ատենապետ ժան Թիթիզեան ու աւելցուց. «Ապրի՛ն մեր աշակերտները եւ մեր վարժարանները»:
Ստորեւ կու տանք հանգանակուած գումարներու ցանկը.
Շամլեան Ազգային վարժարան՝ $ 21,128
Ֆերահեան Ազգային վարժարան՝ $10,000
ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան $7357.39
Ա. Եւ Մ. Յովսէփեան վարժարան $5000
Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան՝ $4000
Մեսրոպեան Ազգային վարժարան $3300
Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարան $2000
Մերտինեան Հայ Աւետարանական վարժարան $1500
Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարան $1250
Հայ Քոյրերու վարժարան $895
Սահակ-Մեսրոպ Հայ Աւետարանական վարժարան $ 800
ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարան $382.64