ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Ճերի Պրաուն վերջերս Սան Տիէկօ գաւառի Գերագոյն ատեանի դատաւոր նշանակած է Շերըն Քալեմգիրեանը, որ 2000էն ի վեր իրաւաբանական Էշուըրթ, Պլանշեթ, Քրիսչընսըն եւ Քալեմգիրեան հիմնարկի գործակիցներէն մէկն էր։
2010էն 2014ի միջեւ, Շերըն Քալեմգիրեան իրաւագիտութիւն դասաւանդած է Սան Տիէկոյի համալսարանի իրաւագիտական բաժանմունքին մէջ, ուրկէ ան իրաւաբանի վկայականը ստացած էր։
58ամեայ Քալեմգիրեանի տարեկան վարձատրութիւնը 184,610 տոլար պիտի ըլլայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.