ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ծանօթ արուեստագէտ Ռազմիկ Հաչիքեանի «Art 4 Art» արուեստի դպրոցի աշակերտներուն գծագրութեանց ցուցահանդէսը եւ դպրոցի 15ամեակին նուիրուած գիրքի ներկայացումը:
Ձեռնարկը կը վայելէր Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը:
Սրբազան հօր կ՛ընկերանային Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ. ներկայ էին նաեւ Ազգային վարչութեան անդամներ եւ խումբ մը արուեստասէրներ:
Առաջնորդ սրբազանը գնահատեց Ռազմիկ Հաչիքեանի արուեստը՝ վկայելով անոր նկարագիրի բարի յատկութիւններուն մասին, նաեւ վեր առաւ նոր սերունդին մէջ արուեստի սէր սերմանելու անոր աշխատանքը ու յաջողութիւն մաղթեց անոր գործունէութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.