
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Վերջին տարիներուն յաճախ կը լսուին իմաստութիւն յորդորող ձայներ, որոնք մեծապէս վտանգաւոր եւ դատապարտելի կը նկատեն Հայաստանի իշխանութեանց կամ հայրենիքի հասարակական ախտերուն ուղղուած «մնայուն» քննադատութիւնները…
Հայաստանի միայն սեւն ու սխալը մատնանշելով՝ ի վերջոյ հայրենիքը կը սեւցնենք եւ ազգային հպարտութեան բուն աղբիւրէն կը զրկենք մեր զաւակները,- կ՛ըսեն հայրենասիրութեան այս նորահաս դրօշակիրները։
Անշուշտ միայն միամիտները եւ կարճատեսները կրնան կուլ տալ նման «իմաստուն» յորդորները, որովհետեւ ո՛չ հայրենիքը կարելի է նոյնացնել օրուան իշխանութեանց հետ, ոչ ալ հաւասարութեան նշան կարելի է դնել մեր ժողովուրդին եւ անոր հասարակական կեանքը թունաւորող ախտերուն միջեւ։
Նախ՝ հայրենիքն ու պետութիւնը մնայուն արժէքներ են, իսկ իշխանութիւնները՝ անցողիկ երեւոյթներ։
Ապա՝ հասարակութիւնները կենսունակ մարմինի իրենց ուժականութիւնն ու արժանաւորութիւնը կ՛ապահովեն միայն այն չափով, որքանով ազգային իրենց ժառանգութենէն եկող առաւելութիւններն ու թերութիւնները տեւաբար ներքին խմորման մէջ կը պահեն, լաւը կը մեծարեն եւ վատը կը քննադատեն՝ սեփական ազգի որակը առաւելագոյնս մշակելու եւ բարձրացնելու գօտեպրկումով։
Աւելի քան շաբաթ մը առաջ Հայաստանի իշխանութիւնները յաջողեցան ամերիկեան մեծազդեցիկ թերթի մը ներդիրը յատկացնել Հայաստանի ձայնն ու արժէքը աշխարհին ծանօթացնող քարոզչութեան։ Կարեւոր եւ յաջող նախաձեռնութիւն էր եղածը, նոր օրերու ոճով Հայաստանի պահանջներուն իրաւացիութիւնը ամրապնդող ելոյթ էր, որուն համար անշուշտ հայ մարդիկ հպարտութեամբ կը նային իրենց պետական ղեկավարութեան։
Հայաստանի պետութեան համեստ պիւտճէով իրագործուած քարոզչական այս գրոհին անմիջապէս հակադարձեց Ատրպէյճանը, որուն պետական անհամեմատ հարուստ պաշարները շարժման մէջ դնելով՝ Պաքուի ղեկավարութիւնը երկու օր առաջ միջազգային մամուլը ողողեց Հայաստանի մէջ տիրող ընկերատնտեսական ծանր ու անտանելի վիճակը լուսարձակի տակ առնելով։
Եթէ հայ մտքի «իմաստուն» խօսնակներուն հետեւինք, Ատրպէյճանի հրապարակած վիճակագրական տուեալներուն կարեւորութիւն պէտք չէ տանք, որպէսզի վարկազրկումէ զերծ պահենք մեր երկիրն ու պետութիւնը։
Եւ որպէսզի, մանաւանդ, Հայաստանի մէջ չապրող մեր ժողովուրդի զաւակներուն մէջ չկոտրի հաւատքն ու պաշտամունքը մայր երկրին ու ժողովուրդին հանդէպ։
Համացանցային աշխարհակալութեան այս դարուն ծիծաղելի է մտածել, որ կարելի է խեղդել ճշմարտութեան ձայնը։ Իսկ մեր պարագային, լռութիւն պահելով մեր վրէպներուն եւ սայթաքումներուն մասին, ուղղակի թշնամիին հակահայ ջաղացքին ջուր լեցուցած կ՛ըլլանք, երբ ատրպէյճանական քարոզչամեքենան կը կատարէ մերկացումը մեր սեփական սխալներուն…
Տարբեր հարց է եւ անկասկած մեր բոլոր ուժերը պէտք է լարենք, որպէսզի ատրպէյճանական թշնամիին բռնատիրական էութիւնը, հակաժողովրդավարական վարքագիծը եւ, մանաւա՛նդ, հակահայ մոլագարութիւնը աշխարհին լսելի, տեսանելի եւ դատապարտելի դարձնենք։
Բայց աշխարհը այսօր կը խօսի արժէքներու լեզուով, որքան ալ երկու չափ եւ երկու կշիռ գործածելու մեծապետական վարքագիծը կը շարունակէ ի զօրու մնալ։
Նոյնիսկ քարիւղով հարուստ Ատրպէյճանը ի վիճակի չէ շատ առաջ երթալու աջն ու ձախը կաշառելու իր շռայլանքին մէջ, եթէ պետական իր տունն ու հասարակական կեանքը մաքրելու եւ 21րդ դարու չափանիշներուն համապատասխան կարգաւորելու ճիգը չի թափեր։
Ատրպէյճանի հակահայ քարոզարշաւի արձագանգներուն ուշադիր հետեւողը անկասկած կը նկատէ, որ օտար մամուլը ոչ միայն բուռն քննադատութեան տակ կ՛առնէ Ատրպէյճանի ներքին գալարումները, այլեւ՝ պարբերաբար մատնացոյց կ՛ընէ միջազգային հանրային կարծիքը ապակողմնորոշելու նպատակով Պաքուի իշխանաւորներուն թափած միլիոնաւոր տոլարները – վարձած լոպիինկի սպասարկութիւնները։
Իսկ Հայաստանի օրինակով տնտեսական կամ հումքային լայն պաշարներէ զուրկ երկրի պարագային, սեփական իրաւունքներուն տէր կանգնելու եւ թշնամի նկրտումներուն կուլ չերթալու համար, ամէն բանէ առաջ եւ վեր կարեւոր է Արժանաւորութեան դրամագլուխը, այսինքն՝ կայուն, բարգաւաճ եւ համերաշխ հասարակութեան (երկրի եւ պետութեան) օրինակելի բնորդ մը հաստատելու կենսունակութիւնը։
Հայաստանի մէջ տիրող իշխանութեան ախտավարակ համակարգին մերկացումը, այլ մանաւանդ մեր երկիրն ու պետականութիւնը իրենց կենսունակութենէն զրկող չարաշահման ցեցերուն անխնայ քննադատութիւնն ու արմատական մաքրագործումը, այս բոլոր առումներով, կը հանդիսանան փրկութեան միակ, այլեւ անփոխարինելի ուղին։
Իրենց ընտանիքին մեծ մասը հայրենիք թողած, պանդխտութեան բոլոր զրկանքներուն դիմացող եւ մերձաւոր թէ հեռաւոր արտասահմանի մէջ վաստակած հացով ոչ միայն հարազատները պահող, այլեւ հայրենի պետական պիւտճէին օգնութիւն հասցնող հայ մարդոց պարտական ենք… ինքնաքննադատութիւնը։
Դիւրին է, նոյնիսկ ճիգ չի պահանջեր սիրել այն երկիրն ու պետութիւնը, ուր հանգիստ եւ խաղաղ, բարօր ու զարգացած ապրելու կռուանները երաշխաւորուած են։
Ընդհակառակն՝ դժուար է եւ սեփական ազգն ու հայրենիքը պաշտամունքի աստիճան սիրելու եւ պահպանելու յանձնառութիւն կը պահանջուի անոնցմէ, որոնք հացի եւ լոյսի, խաղաղութեան եւ երջանկութեան հասնելու համար դատապարտուած են տեւական պայքար մղելու ոչ միայն արտաքին թշնամիներու, այլեւ ներքին ցեցերու դէմ։
Եթէ կ՛ուզէք, որ Հայաստանը պարպուի հայութենէ, ամէնէն դիւրին միջոցը առտու-իրիկուն քարոզելն է, որ լաւատեսութեամբ պէտք է նայիլ եւ գօտեպնդուիլ մեր երկրի եւ պետութեան արձանագրած յառաջընթացով, նորակառոյց ճամբաներով եւ շքեղ շինութիւններով, ճոխ հանրախանութներով եւ գրաւիչ զբօսավայրերով…
Իսկ հայուն Հայաստանի մէջ պահելու կամ Հայաստան վերադարձնելու համար, պէտք է կարենաք ներշնչել այն համոզումն ու հաւատքը, թէ կեղեւէն եւ ցուցափեղկերէն անդին գտնուող արժէքներուն պահպանման եւ զարգացման նախանձախնդիր էք։
Արժէքներ՝ որոնք քննադատութեան եւ ինքնաքննադատութեան հողին վրայ կ՛աճին։
Կը ջրդեղուին ու կը նորոգուին՝ սեփական վրէպները եւ սայթաքումները խոստովանելով ու սրբագրելով։