
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Մենք բոլորս մեր ինքնաշարժները տարուան մը ընթացքին նուազագոյնը մէկ անգամ մեքենագէտի մը կը տանինք, որպէսզի ան քննէ ինքնաշարժին կարողութիւնը կամ յայտնաբերէ մեքենական խանգարում մը: Մեր մարմինն ալ կը կարօտի նման հոգատարութեան եւ բժշկական հերթական կարգ մը հիմնական քննութիւններու, որոնց միջոցաւ կ՛ապացուցուի հիւանդութեան մը գոյութիւնը եւ կամ՝ հակառակը: Շատ մը հիւանդութիւններ եւ առողջապահական հարցեր կը յայտնաբերուին կատարելով շատ կանուխ բժշկական հերթական քննութիւններ: Անոնց միջոցաւ մենք կը դառնանք արթուն եւ նախագործօն հանդէպ մեր առողջութեան:
Կանուխ ախտաճանացուած հիւանդութիւն մը շատ դիւրաւ կարելի է դարմանել, քան՝ ուշ ախտաճանացուած հիւանդութիւն մը: Բժշկական կանխազգուշական քննութիւնները միջոցներ են կանուխէն առաջքը առնելու շատ մը հիւանդութիւններու զարգացումին:
Հետեւեալ բժշկական քննութիւնները յանձնարարելի են անհատի մը առողջութեան պահպանման համար.
Ա. Բժշկական տարեկան ընդհանուր քննութիւն.
Ամէն անհատ հարկ է, որ այցելէ իր ընտանեկան բժիշկին տարին անգամ մը, նոյնիսկ եթէ ան կը կարծէ, որ առողջ է եւ առողջական ոչ մէկ գանգատ ունի:
Այս այցելութեան ընթացքին բժիշկը կը քննէ ենթական եւ կ՛արժեւորէ անոր զարկերակային ճնշումը, սիրտի զարկը, շնչառութիւնը, մարմինի ջերմութիւնը, բոլոր օրկանները, մտային եւ հոգեկան վիճակը:
Այս արժեւորումէն ետք բժիշկը կը պահանջէ ենթակայէն, որ կատարէ.
1. Արեան կարմիր եւ ճերմակ գնդիկներու, մաղձաճարպի, շաքարի եւ բնասպիտներու քննութիւնները.
2. Թոքերու Ք ճառագայթային նկարում.
3. Պարզ սրտագրութիւն։
Բ. Ոսկորներու կրածինի խտաչափութիւն (bone calcium densitometry).
Այս քննութեան միջոցով կը չափուի ոսկորներուն պարունակած կրածինի խտութիւնը: Անոր արդիւնքով կը գիտցուի ոսկրափխրումի (osteoporosis) աստիճանը եւ կը կատարուի անոր ախտաճանաչումը: Ոսկորներու կրածինի խտաչափութիւնը պէտք է կիրարկուի 50 տարիքը բոլորած բոլոր անհատներուն եւ մանաւանդ կիներուն: Ոսկրափխրումի ախտաճանաչումով կարելի է կասեցնել ոսկրափխրումի յառաջխաղացքը եւ դարմանել զայն, ինչպէս նաեւ արգելք հանդիսանալ ոսկրային կոտրուածքներու:
Այս քննութիւնը կը կատարուի հիւանդանոցներու կամ յատուկ կեդրոններու մէջ: Ան անվնաս Ք ճառագայթային քննութիւն մըն է եւ կը կատարուի առանց զգայազրկումի եւ ցաւազերծումի: Ենթական քննութեան ընթացքին կը մնայ արթուն եւ գիտակից:
65 տարեկանէն վեր բոլոր կիներն ու տղամարդիկը պէտք է կատարեն այս քննութիւնը: Բնական արդիւնքի պարագային քննութիւնը պէտք է կրկնուի երեք տարի ետք: Իսկ ոսկափխրումի ախտաճանաչումի պարագային քննութիւնը պէտք է կրկնուի ամէն տարի:
Գ. Կիներու կրծքագեղձի (mammary gland) մատնային քննութիւն.
Այս քննութիւնը կը կատարուի բոլոր կիներուն՝ բժիշկին կողմէ: Անիկա պարզ մատնային քննութիւն մըն է, որ կը կատարուի մեղմօրէն դպչելով կրծքագեղձին եւ շօշափելով գեղձը իր ամբողջութեան մէջ: Բոլոր կիները կրնան կատարել այս քննութիւնը տան մէջ, հայելիին դիմաց կեցած, որպէս ինքնաքննութիւն:
Կրծքագեղձի մատնային քննութեան ընթացքին բժիշկին ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնանայ հետեւեալ անբնական երեւոյթներուն վրայ.
1. Կրծքագեղձի կարծրութիւն.
2. Պզտիկ կամ մեծ ուռի մը գոյութիւն.
3. Կրծքագեղձի մորթի անբնական գունաւորում.
4. Կրծքագեղձի պտուկէն (nipple) թարախոտ կամ արիւնոտ հոսք։
Որեւէ մէկ անբնական երեւոյթի մը պարագային ենթական պէտք է դիմէ մասնագէտ բժիշկի, որ կը կատարէ կրծքագեղձի Ք ճառագայթային նկարում (mamography) եւ անդրձայնային նկարում (ultrasound):
Դ. Կրծքագեղձի Ք ճառագայթային նկարում.
Անիկա յատուկ քննութիւն մըն է կիներուն համար: Անոր միջոցաւ կը յայտնաբերուին լաւորակ ուռեր եւ պարկեր (cysts) ու խլրդային ուռեր: Այս քննութիւնը պէտք է կատարուի ամէն տարի, 40-49 տարեկան կիներուն, երկու տարին անգամ մը՝ 50-69 տարեկան կիներուն եւ ըստ պահանջքի՝ 70 տարեկանէն վեր կիներուն:
Ե. Հաստ աղիքի դիտում (colonoscopy).
Անիկա կը կատարուի հիւանդանոցի մէջ եւ ստամոքսա-աղիքային մասնագէտ բժիշկի (gastro-enterologist) մը կողմէ, որ կը կիրարկէ քննութիւնը ընդհանուր զգայազրկումով (general anesthesia) եւ կամ ներերակային ցաւազերծիչ (pain killer) դեղերու ներարկումով: Մասնագէտ բժիշկը կը գործածէ կակուղ եւ դիւրաթեք (flexible) լուսաւոր խողովակ մը, որ կը ներմուծուի սրբանէն (anus) ներս եւ կ՛ուղղուի դէպի վեր՝ հասնելով մինչեւ հաստ աղիքի վերջաւորութեան: Դիտակին ծայրամասը զետեղուած մանրանկարիչ սարքը կը նկարէ ամբողջ հաստ աղիքին ներքին պատը: Հաստ աղիքի դիտումով կրնան յայտնուիլ հետեւեալ անբնական երեւոյթները.
1. Ցցունքներ (polyps), որոնք լաւորակ ուռեր են, սակայն անոնք կրնան արիւնահոսութիւն յառաջացնել.
2. Վատորակ ուռեր՝ խլիրդ (cancer). անոնք կը տեսնուին մասնաւորապէս հաստ աղիքի վերընթաց (ascending) եւ վարընթաց (descending) բաժիններուն մէջ.
3. Նախախլիրդային (precancerous) ուռեր.
4. Արիւնահոսութիւն։
Հաստ աղիքի դիտումին ընթացքին տեսնուած անբնական եւ կասկածելի հիւսկէնը կը կենսահերձուի (biopsy) եւ վերցուած անբնական հիւսկէնը կը ղրկուի ախտաբանական քննութեան:
Հաստ աղիքի դիտումը պէտք է կատարուի 50 տարեկանէն ետք՝ երկու սեռերուն ալ: Առաջին քննութեամբ անբնական երեւոյթ չտեսնուելու պարագային, քննութիւնը պէտք է կրկնուի 10 տարի ետք: Իսկ անբնական արդիւնքի պարագային քննութիւնը պէտք է կրկնուի, ըստ մասնագէտ բժիշկի հայեցողութեան:
Զ. Նախաղիի մատնային քննութիւն (rectal finger examination).
Անիկա կը կատարուի շագանակագեղձի արժեւորման համար: Բժիշկը իր մատը կը ներխուժէ սրբանէն ներս եւ կը բարձրանայ մօտաւորապէս 10-15 սմ. ու կը շօշափէ հաստ աղիքին պատերը, մասնաւորապէս այն բաժինը, ուր կարելի է զգալ շագանակագեղձը:
Այս քննութեամբ բժիշկը մօտաւոր գաղափար մը կ՛ունենայ շագանակագեղձի չափի, մեծութեան, ծաւալի եւ կազմուածքի (consistency) մասին, մասնաւորապէս անոր սահունութեան, կարծրութեան եւ կակուղութեան ինչպէս նաեւ ցաւի գոյութեան:
Նախաղիի մատնային քննութիւնը պէտք է կատարուի բոլոր տղամարդոց՝ 45 տարեկանէն ետք եւ ամէն տարի:
Է. Արեան մաղձաճարպի (cholesterol) քննութիւն.
Տղամարդիկ պէտք է կատարեն այս քննութիւնը 40 տարեկանէն ետք եւ ամէն տարի, իսկ կիները՝ դաշտանադադարէն ետք եւ ամէն տարի:
Արեան գերմաղձաճարպութիւնը (hypercholesterolemia) կը զգուշացնէ մեզ սրտանօթային հիւանդութիւններու գոյութենէն:
Ը. Կղկղանքի արեան գոյութեան քննութիւն (stool blood test).
Այս քննութեամբ կը յայտնաբերուի արեան ներկայութիւնը կղկղանքին մէջ, որ կը փաստէ աղիքային արիւնահոսութիւնը: Անիկա պէտք է կատարուի երկու սեռերուն մօտ տարին անգամ մը, 50 տարեկանէն ետք:
Թ. Արգանդավիզի քսուկի (cervical pap smear) բջջաբանական քննութիւն.
Բժիշկը արգանդավիզի խլնաթաղանթէն քսուկ մը կը վերցնէ եւ կը ղրկէ բջջաբանական քննութեան: Այս քննութիւնը իգական սեռին մօտ առաջին անգամ պէտք է կատարուի արբունքէն 3-4 տարի ետք: Անիկա պէտք է կրկնուի երկու տարին անգամ մը՝ մինչեւ 70 տարիքը:
Ժ. Տեսողութեան քննութիւն՝ ըստ պահանջքի.
Շաքարախտաւոր, արեան գերճնշում եւ գերմաղձաճարպութիւն ունեցողներ, ընտանիքի մէջ ակնաքօղ (cataract), խաժամթութիւն (glaucoma), ցանցենիի շերտաւորում (retinal detachment) եւ ցանցենիի կազմափոխութիւն (macular degeneration) ունեցող անհատներ պարտաւոր են յաճախակի աչքի քննութեան ենթարկուելու: