ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Օրուան ընթացքին ընդունուած սովորութիւնը այն է, որ մարդ երեք անգամ կերակուրով պէտք է սնանի: Տարբեր տեսակի սննդականոնի հետեւողներ կամ յատուկ սահմանափակումներով իրենց առողջութեան հոգ տանելու անունին տակ անօթութեան տոկացող մարդիկ, կրնան նոյնիսկ օրական մէկ անգամ սնանիլ:
Սննդականոնը ի՛նչ օրէնքներ ալ սահմանէ կամ ընդունուած աւանդական կարգը ի՛նչ պարտաւորութիւններ ալ դնէ, մարդ էակը այնպիսի մարմին ունի, որ առանց սնունդի չի՛ կրնար գոյատեւել: Ուստի, ապրող որեւէ էակ, ասուն թէ անասուն, իր կենդանութիւնը պահելու համար պէտք է ուտէ ու խմէ:
Յիսուսի մտածողութեան մէջ, այս «սննդառական կանոն»ը մարդ էակին համար բաւարար չի՛ նկատուիր: «Մարդ ո՛չ միայն կերակուրով, այլ…» նաեւ Աստուծոյ Խօսքով կ՛ապրի, կ՛ըսէ Ան: Ուրեմն, անասունէն կը զատորոշուի մարդ նաեւ իր սննդականոնով, որուն մէջ կերակուրի կողքին նաեւ կայ այլ տեսակի սնունդ՝ հոգեկան սնունդ, որուն աղբիւրը Աստուծոյ Խօսքն է ու Անոր հայրական պատուէրը:
Առօրեայ կեանքի հեւքին մէջ, սակայն, շատ քիչեր կը գիտակցին, թէ իրենք նաեւ հոգեկան սնունդի կարիք ունին: Առաւօտուն արթննալէ ետք ոմանք սովորութիւն դարձուցած են իրենց նախաճաշէն առաջ Աստուածաշունչէն գէթ գլուխ մը կարդալ: Սա այն պարագան է, երբ մարդ խորապէս կը գիտակցի իր հոգեւոր եւ ֆիզիքական գոյութիւն ըլլալուն: Ճիշդ է, այդ պահուն իր ստամոքսը կը գալարուի մանաւանդ ամբողջ գիշերը անօթի մնացած ըլլալուն հետեւանքով, սակայն միաժամանակ գիտէ ան, թէ իր հոգին եւս կարիք ունի սնանելու:
Իւրաքանչիւր անձ, մանաւանդ աշխատանքէն պարտասած, կէսօրին այլ մտահոգութիւն չ՛ունենար, քան այն՝ թէ ի՞նչ պիտի ուտէ: Աշխատանքային դրութենական ձեւի մէջ մտած անձեր, որոնց ճաշի դադարը յստակ ժամ ունի, առհասարակ գիշերը կը պատրաստեն այն կերակուրը, զոր յաջորդ օր իրենց հետ գործատեղի պիտի տանին: Անոնցմէ քանի՞ն կը խորհի այդ կերակուրի կողքին Աւետարանէն հատուած մը տանիլ… Թերեւս նման գաղափարներ ծիծաղելի ալ թուան ոմանց, սակայն այս բոլորը կ՛ըսուին ցոյց տալու, թէ մարդ իր ֆիզիքական գոյութիւնը պահպանելու համար շատ աւելի մտահոգութիւն կ՛արտայայտէ իր կեանքին ընթացքին, քան՝ հոգեկան գոյութիւնը բարելաւելու:
Նիհարնալու սննդականոնին հետեւողներ երբեմն կը փոխեն իրենց խրատատու բժիշկը, երբ տեսնեն, թէ մասնաւոր արդիւնքի չեն հասնիր: Կամ՝ կը փոխեն, որովհետեւ իրենց մէկ բարեկամը ուրիշին մօտ յաճախած ըլլալով, իսկապէս օգտուած է անկէ եւ շատ շուտով նիհարցած… Ուրեմն, շուտափոյթ իրենց նպատակին հասնելու համար մարդիկ պատրաստ են ամէն միջոցի դիմելու, երբեմն ծախու հանելով նաեւ իրենց հին բարեկամութիւնները կամ կնքած դաշինքները:
Հոգեկան սնունդի կարեւորութիւնը շեշտող անձնաւորութիւններուն մէջ եւս պէտք է զանազանութիւն դնել, մէկ ծայրայեղութենէ միւս ծայրայեղութեան չհասնելու համար: Երբեմն այնքան սխալ խորհուրդներ կը տրուին միամիտ մարդոց, որոնք նախապէս բնա՛ւ Աստուածաշունչին հետ ծանօթութիւն չունենալով, տառացի գործադրութիւնը կը կատարեն անոր մէջ արձանագրուած պատուէրներուն, թէ՛ իրենց եւ թէ իրենց ընտանիքի անդամներուն կեանքը դժբախտացնելով:
Ծանր արկածէ մը վերապրած մէկուն հանդիպելով եւ Աստուածաշունչին մեր կեանքին համար ունեցած կարեւորութիւնը շեշտելով, բարի կամեցողութեան տէր մէկը խրատ տուեր է արկածահարին օրական երեք տեղ բանալ Աստուածաշունչէն ու կարդալ իբրեւ հոգեկան սնունդ: Մահուան անդունդէն հազիւ ազատած, այս մարդը անսալով տրուած խրատին, կը սկսի օրական դրութեամբ Աստուածաշունչ կարդալու, ըստ բախտի երեք տարբեր էջեր բանալով: Բաւական ժամանակ ետք, յանկարծ կը պատահի անսպասելին… Իր սովորութեան համաձայն, մարդը առաջին պատահական էջը բանալով կը կարդայ հետեւեալ տողը.
_ «Յուդան գնաց եւ ինքզինք կախեց» (Մտ. 27.5): Անշուշտ մասնաւոր տեղեկութիւն չունենալով անոր անձին կամ Յիսուսի կեանքին մէջ Յուդայի ունեցած վատ դերակատարութեան, պարզապէս մարդու մը ինքնասպանութեան մասին այս տողը կարդալով Աւետարանին մէջ, վերոյիշեալ անձը ցաւ կը զգայ:
Ապա բանալով երկրորդ պատահական էջը, անոր աչքերը կ՛իյնան այն տողին վրայ, ուր գրուած էր.
_ «Գնա՛ դուն ալ նոյնը ըրէ՛» (Ղկ. 10.37): Բնականաբար երբ ամբողջ հատուածը չէր կարդար ան, չէր կրնար հասկնալ, թէ այդ խօսքը Յուդայի ըրածին կրկնութիւնը ընելու հրահանգ մը չէր, այլ՝ ուղղուած էր Օրէնքի այն Ուսուցիչին, որ Յիսուսը փորձելու համար կը հարցնէր, թէ ի՞նչ պէտք է ընէ, Աստուծոյ Արքայութիւնը ժառանգելու համար: Յիսուս այդ առիթով պատմած էր Բարի Սամարացիին անզուգական առակը: Օրէնքի ուսուցիչը պատասխանը գտած ըլլալով, թէ ընկերը այն էր, որ օգնեց վիրաւոր կարօտեալին, ստացաւ Յիսուսէն այս խրատ-հրահանգը, որ կ՛ըսէր. «Գնա՛ դուն ալ նոյնը ըրէ՛»:
Դեռ աւելին կար սակայն…
Երրորդ տեղը, զոր դարձեալ ըստ բախտի կը բանայ, յանկարծ իր աչքերը կը սեւեռուին մէկ այլ նախադասութեան վրայ, որ կ՛ըսէր.
_ «Ընելիքդ շուտո՛վ ըրէ» (Յհ. 13.27): Սա այն թելադրութիւնն էր, զոր Յիսուս կատարեց Վերջին Ընթրիքի պահուն Յուդային, որովհետեւ աստուածային իր նախագիտութեամբ արդէն տեղեակ էր անոր կատարելիք մատնութեան գործին: Ուստի, դառնութեան ու տագնապի բաժակը խմելու ներքին քաջութեամբ, ան իր մատնիչին ըսաւ, որ ընելիքը շուտով ընէ: Սակայն մեր վերոյիշեալ բարեմիտը չէր կրնար գիտնալ, թէ այդ տողը ամենեւին կապ չունէր Յուդայի ինքնասպանութեան հետ եւ ատիկա իրեն ուղղուած հրահանգ մը չէր, որպէսզի երթար ու անոր ըրածին հետեւէր եւ այն ալ՝ «շուտո՛վ»…
Ահա օրինակ մը Աստուածաշունչ կարդալու սխալ կերպէն, զոր երբեմն բարի մարդիկ կը թելադրեն ուրիշներուն, առանց իմանալու, թէ գայթակղութեան քար կը դառնան անոնց ոտքերուն դիմաց…
Հոգեկան սնունդը անկասկած կարեւոր է, սակայն մեր հայրերը զայն ճաշակելու մասնաւոր կերպ որդեգրած են: Աստուածաշունչը օրական դրութեամբ կարդալու յատուկ կանոն կայ «Ճաշոց» կոչուած եկեղեցական-արարողական գիրքերու շարքին, որուն մէջ ամէնօրեայ ընթերցումները արձանագրուած են հերթականութեամբ: Ուրեմն, հոգիիդ սնունդը մի՛ մոռնար, սակայն գիտցի՛ր ի՞նչ է կերածդ: