ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վճարումներու միջազգային «Մեսթըր Քարտ» համակարգը տեղի տուած է Պաքուի սպառնալիքներուն դէմ եւ իր համակարգէն վերցուցած է Արցախի քաղաքները իբրեւ Հայաստանի մէկ մասը ներկայացնող բաժինը:
«Մեսթըր Քարտ»ը նախապէս Հայաստանի քաղաքներուն շարքին դասած էր Ստեփանակերտը, Շուշին եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միւս քաղաքները։ Այժմ որոնողական համակարգէն վերցուած են Արցախի քաղաքներուն անունները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.