ՊՈԼԻՍ, ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ սահմանակից սուրիական Քոպանի քաղաքի կառավարման մարմինէն պաշտօնատարներ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 24ին հերքեցին Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ նոյն օրը կատարուած այն յայտարարութիւնը, թէ Սուրիոյ իշխանութիւնը տապալելու պայքար տանող «Սուրիական ազատ բանակ»էն 1300 զինեալներ Քոպանի պիտի մեկնին՝ շնորհիւ քիւրտերու հետ գոյացած համաձայնութեան։
Էրտողան նախապէս յայտարարած էր, որ 200 փեշմերկաներ Իրաքէն՝ Թուրքիոյ ճամբով, Քոպանի պիտի ուղղուին:
Քրտական ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալեհ Մուսլեմ յայտնեց, որ «Սուրիական ազատ բանակ»ը կրնայ այլ շրջանի մը մէջ ճակատ բանալ «Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպութեան դէմ, եթէ կը փափաքի Քոպանիի քիւրտերուն օգնել։
Նաեւ, «Մայատին» հաղորդեց, որ թրքական հրասայլերը Ուրբաթ օր ռմբակոծած են Քոպանիի կեդրոնական եւ արեւելեան շրջանները, երբ «Իսլամական պետութեան» կողմէ արձակուած ռումբեր ինկած են թրքական հողամասերու վրայ:
Միւս կողմէ, ամերիկացի պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ «Իսլամական պետութեան» յառաջխաղացքին կասեցումէն ետք, Քոպանին դադրած է գրաւման անմիջական վտանգի տակ ըլլալէ:
Քրտական աղբիւրներ «Մայատին»ին յայտնած են, որ Ժողովրդային պաշտպանութեան ուժերը ետ մղած են ծայրայեղականներուն կողմէ քաղաքին վրայ երկու առանցքով կատարուած յարձակումը, իսկ «Սքայ Նիուզ»ը հաղորդեց, որ ծայրայեղականները յաջողած են վերագրաւել Շահիր բլուրը:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մերի Հարֆ յայտնեց, որ Քոպանիի քիւրտերուն զինուորական օժանդակութիւն հասցնելու գործողութիւնը պիտի կրկնուի, եթէ Ուաշինկթըն անոր անհրաժեշտութիւնը տեսնէ: Ան աւելցուց, որ իր երկրին օդանաւերը պիտի շարունակեն զէնք-զինամթերքի նոր արկղեր նետել, հակառակ անոր, որ անոնցմէ մէկը ինկած էր ծայրայեղականներու դիրքերուն մօտ:
Յիշեցնենք, որ Էրտողան Ուաշինկթընի այդ քայլը «սխալ» կոչած էր, որովհետեւ այդ զէնքերն ու զինամթերքը ինկած են Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան սուրիական թեւին՝ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան, եւ ծայրայեղականներու ձեռքը:
Մինչ այդ, «Թայմ Թիւրք» կը հաղորդէ, որ միջազգային դաշնակից ուժերուն կողմէ Քոպանիի հերթական ռմբակոծումին ընթացքին, սպաննուած են «Իսլամական պետութեան» Կովկասի հարցերով պատասխանատու, ատրպէյճանցի Ռովշան Պատալովը (Հալիտ Ազերի) եւ 25 զինակիցներ: Թրքական լրատուամիջոցին համաձայն՝ 2001-2002ին Պատալով, որ նաեւ Չեչենիոյ մէջ կռուած է ռուսական ուժերուն դէմ, իր խումբով ուզած է կռուիլ Ղարաբաղի մէջ՝ հայերուն դէմ, սակայն անոր այդ նախաձեռնութիւնը չէ յաջողած. ան իր խումբին հետ ձերբակալուած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ եւ տասը տարիով բանտարկուած, որովհետեւ նախկին նախագահ Ապուլֆաս Էլչիպէյի հետեւորդ եղած է: Ան 2013ին դուրս եկած է բանտէն ու մեկնած է Սուրիա՝ անդամակցելով «Իսլամական պետութեան»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.