
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– «Թալանելով մեզ՝ ծնելիութեան մակարդակը չէք բարձրացնի», «Կառավարութիւնը սոցիալական անարդարութեան անդունդը էլ աւելի է մեծացնում», «Օրինագիծը յետ կանչէք» եւ նման կոչերով 23 Հոկտեմբերին կառավարութեան շէնքին դիմաց բողոքի ցոյց կատարեցին յղի կիներ, մայրեր՝ իրենց զաւակներուն հետ։ Անոնք կառավարութենէն կը պահանջէին յետս կոչել «Ժամանակաւոր անաշխատունակութեան նպաստների մասին» օրէնքի փոփոխութիւններու նախագիծը:
Ըստ օրէնքի այդ փոփոխութիւններուն՝ իշխանութիւնները մտադիր են նուազեցնել աշխատող մայրերուն յղութեան ու յետ-ծննդեան արձակուրդին ընթացքին տրուող գումարը:
«Հաշուի առնելով ներկայ պահիս արտագաղթի չափերը, ծնելիութեան մակարդակը, կարծում ենք, որ այս օրինագծում փոփոխութիւնները միայն ու միայն նպաստելու են ծնելիութեան նուազմանը եւ արտագաղթի աճին», նշուած է ցոյցին մասնակիցներուն հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
Այսօր աշխատող կնոջ 140 օր յղութեան ընթացքին եւ երեխայի ծնունդէն ետք կը վճարուի միջին աշխատավարձը ամբողջութեամբ: Ըստ կառավարութեան համաձայնութեան արժանացած նախագիծին «եթէ մայրը մէկ տարուց պակաս է աշխատել, արձակուրդի ընթացքում կը ստանայ իր միջին աշխատավարձի 40 տոկոսը, 1-3 տարի աշխատանքային ստաժի դէպքում՝ 60 տոկոսը, իսկ 3 տարի եւ աւելի ստաժի դէպքում՝ 80 տոկոսը»:
Կառավարութիւնը այս նախաձեռնութիւնը կը բացատրէ պիւտճէի սղութեամբ եւ կը պնդէ. «Կրճատելով աշխատող մայրերի գումարը՝ միջոցներ կը տնտեսուի ու 2016 թուականից արդէն գումարներ կը վճարի նաեւ չաշխատող մայրերին»:
Մայրերն ու յղի կիները վրդոված են: Անոնք կ՛ըսեն. «Չենք հասկանում, թէ ինչո՞ւ է կառավարութիւնը խոցելի դարձնում աշխատող մայրերին ու ոտնահարում աշխատող կնոջ իրաւունքը»:
Ինեսա Մուրադեան, որ չորս ամսուան Ալեքսային հետ գացած էր բողոքի ցոյցի, «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ այսօր աշխատող բազմաթիւ կիներ կը ստիպուին մտածելու, որ արդեօք կ՛արժէ՞ երկրորդ երեխայ ունենալը, մանաւանդ որ անիկա պիտի վտանգէ ընտանեկան պիւտճէն։
«Չնայած որ նաեւ գործում է օրէնք, որով խրախուսւում է եւ ստեղծւում են բոլոր բարենպաստ պայմանները մինչեւ կէս տարեկան երեխային կրծքով կերակրման աջակցութեան համար, բայց այսօր Կառավարութիւնը մեզ դրդում է, որպէսզի մենք երկու ամսական երեխային թողնենք եւ վերադառնանք աշխատանքի, որովհետեւ ուղղակի հնարաւոր չէ այլապէս պահել երեխային», դիտել տուաւ Մուրադեան:
Ցոյցի մասնակիցները նամակ յանձնեցին կառավարութեան: Կառավարութեան նամակներու ընդունման եւ յանձնման վարչութեան պետ Ալեքսանդր Ղազարեան նշեց, որ կառավարութիւնը պիտի պատասխանէ առաւելագոյնը 15 աշխատանքային օր ետք։
Բողոքի ցոյցին ընթացքին աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտէմ Ասատրեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, թէ կառավարութիւնը մեծ ուրախութեամբ պիտի ապահովէր պիւտճէական ծախսերու յաւելումը, եթէ միջոցներ ունենար:
Երկուշաբթի օր Ազգային ժողովի նիստին այս թեմայով լսումներ պիտի կայանան: Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժինի պետ Անոյշ Դանիէլեան ցոյցի մասնակիցներուն առաջարկեց նախքան լսումները փոքր խումբով հանդիպում ունենալ նախարարին հետ եւ քննարկել հարցը:
Ցուցարար Տաթեւիկ Դաւթեան, ընդգծեց, որ նախարարին հետ բանակցելու կարիք չկայ. «Մեր առաջարկը յստակ է՝ հանէք դրոյթներն օրէնքից: Նախարարութիւնը կամ դրան համաձայն է, կամ համաձայն չէ, էստեղ բանակցելու ուրիշ որեւէ կէտ պարզապէս գոյութիւն չունի»: