Սեպտեմբեր 24, 2014ին, Ալէք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանի Հայկական ակումբէն՝ 11րդ եւ 12րդ կարգերէն աշակերտական խումբ մը, շատ կարեւոր աշխատանք մը կատարեց վարժարանէն ներս: Իր տեսակին մէջ իւրայատուկ առաքելութիւն մըն էր անիկա. միջնակարգի ու երկրորդականի հայերէնի դասապահերուն ընթացքին, աշակերտները իրենց պատրաստած PowerPoint-ով, ցուցադրած պատկերներով եւ դասախօսութիւններով ազգային գիտակցութիւն, միջազգային տեղեկութիւն եւ ազգային ոգի ու խանդավառութիւն ներշնչեցին «Փիլիպոս»ի աշակերտութեան:
Աշակերտները իրենց ելոյթները ունեցան զոյգերով: Այցելեցին հայերէն լեզուի դասարանները՝ իրենց պատրաստած աշխատանքներով, ու մանրամասնօրէն արծարծեցին չափազանց այժմէական եւ կարեւոր նիւթ մը՝ Սեպտեմբեր 19ին, Հայաստանի մէջ կայացած Սփիւռք-Հայրենիք Համահայկական 5րդ խորհրդաժողովի բացումին, Արամ Ա. կաթողիկոսի խօսքին մէջ յայտարարուած դատին մասին:
Արդարեւ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Սիսի բոլոր կալուածները վերադարձնելու պահանջով դատ պիտի բանայ Թուրքիոյ սահմանադրական դատարանին մօտ, որպէսզի այդ կալուածները վերադարձուին սեփականատէրերուն:
Այս յայտարարութեան յաջորդ օրը՝ Սեպտեմբեր 20ին, Ցեղասպանութեան հատուցումի պաշտօնական բանաձեւ հրատարակուեցաւ պատմաքաղաքական կշիռ ներկայացնող միջազգային յանձնախումբի մը կողմէ: Ծրագիրը ամբողջական հատուցումի փաթեթ մըն է, որ պիտի ներկայացուի միջազգային ատեաններու, առ ի վաւերացում:
Վերջապէս, զոյգ երեւոյթներուն յաջորդեց թրքական սադրիչ խաղը: Նշեալ արարքներուն որպէս անուղղակի պատասխան, Թուրքիան ահաբեկչական ISIS («Իսլամական պետութիւն») կազմակերպութեան հետ գործակցելով՝ ահաբեկիչներու ձեռքով պայթեցնել տուաւ Տէր Զօրի Նահատակաց եկեղեցին:
Յիշեալ արարքները անհրաժեշտ էր լուսարձակի տակ առնել ու քօղազերծել, որպէսզի աշակերտութիւնը նաեւ հասկնայ, թէ այն, ինչ տեղի կ՛ունենայ, կրկնութիւնն է պատմական անլոյծ հարցին:
Աշակերտները իրենց ազգային ոգիով ու շունչով ողողեցին ամբողջ վարժարանը: Միջնակարգի եւ երկրորդականի բոլոր աշակերտները իրենց նօթագրութիւնները վերածեցին շարադրական լուրջ աշխատանքներու, որոնք պիտի արժանանան գնահատականներու՝ հայերէնի դասապահերուն ընթացքին:
(Թղթակցութիւնը՝
Վարժարանէն)