Արփի Էթիեմեզեան–Պերթիզլեան իր ուրոյն դերակատարութիւնը ունեցած է լիբանանահայ կեանքին մէջ՝ ծառայելով ազգային տարբեր բնագաւառներու մէջ։ Ան եղած է կուսակցական, ՀՄԸՄական, համազգայնական՝ իր ներդրումը ունենալով ո՛չ միայն լիբանանահայ իրականութեան մէջ, այլ նաեւ տարբեր երկիրներու, ուր պատրաստուած մարդուժի եւ ծառայողի կարիք եղած է։ Տարիներ շարունակ դասաւանդած է լիբանանահայ տարբեր վարժարաններու մէջ՝ ըլլալով ուսուցչուհի եւ դաստիարակ։ Արփի Էթիեմեզեան–Պերթիզլեան իր մեծ դերակատարութիւնն ու ներդրումը ունեցած է յատկապէս Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին մէջ՝ երկար տարիներ, մինչեւ հիմնարկին փակումը ստանձնելով փոխտնօրէն–գործավարի պաշտօնը։ Հիմնարկին մէջ եղած է նաեւ հոգեբանութեան դասախօս, սերտ ու մտերիմ կապեր ունեցած է ուսանողներուն հետ, որոնց նկատմամբ տածած է յատուկ ուշադրութիւն եւ գուրգուրանք։
Պաշտօններ ստանձնած է նաեւ Լիբանանի Հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանին մէջ, եղած է Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի գործավար։ Անդամ եղած է ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի տարբեր յանձնախումբերու եւ մարմիններու։
Հիւանդութեան դէմ մղած պայքարէ ետք ան իր մահկանացուն կնքեց 13-14 Հոկտեմբերի լուսցող գիշերը։
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 15 Հոկտեմբերին՝ կէսօրուան ժամը 1ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.