
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը տեղեկացնէ, թէ Պաքու բողոքագիր մը յղած է Գերմանիոյ իշխանութեանց, գերմանացի երեսփոխաններու Արցախ այցելութեան կապակցութեամբ:
Ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը գերմանացի օրէնսդիրներուն եւս նամակ մը յղած է՝ նշելով, թէ «Լեռնային Ղարաբաղը ատրպէյճանական տարածք է», ուր կարելի չէ այցելել առանց Պաքուի արտօնութեան:
Գերմանիոյ խորհրդարանը իր կարգին պատասխանած է, որ պատգամաւորներուն այցը եղած է անձնական նախաձեռնութեամբ:
Յիշեցնենք, որ երեսփոխաններ Մանֆրետ Կրունտի եւ Ալպերթ Վայլերի անունները Սեպտեմբեր 23ին Պաքուի «սեւ ցուցակ»ին վրայ արձանագրուեցան ու անոնց Ատրպէյճան մուտքը արգիլուեցաւ: