ԵՐԵՒԱՆ, «Հայերն Այսօր».- 23 Սեպտեմբերին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ ԵՊՀ Պալեաններու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի «Արփա» հաստատութեան «Նորարարութիւն» տարեկան մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներու ամփոփման նուիրուած հանդիսութիւն:
Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը: Կարեւորելով նախաձեռնութիւնը՝ Ս. Սրապիոնեան նշեց. «Այս մրցանակաբաշութիւնը նպաստում է, որ բնագիտական ֆակուլտետների ուսանողութեան թիւն աւելանայ, ինչը նկատելի է վերջին տարիներին»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով սփիւռքի նախարարութեան եւ յատկապէս նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին՝ «Արփա» հաստատութեան տնօրէն Յակոբ Փանոսեան նշեց, որ մրցանակաբաշխութիւնը կը կատարուի հայրենիքի մէջ փորձագիտական գիտութիւնները զարգացնելու, Հայաստանի տնտեսութիւնը մրցունակ դարձնելու նպատակով:
Մրցանակաբաշխութեան 9 նիւթերու մասնակցութեան դիմում ներկայացուցած էին 19 ուսանողներ՝ Երեւանի պետական համալսարանէն, Հայաստանի պետական ճարտարապետական համալսարանէն (ՀՊՃՀ), ՀՊՃՀի Գիւմրիի մասնաճիւղէն: Մրցանակային տեղերու եւ դրամական պարգեւ արժանացած է 3 ուսանող: Առաջին հանդիսացող չկայ: 2րդ մրցանակը տրուած է Հրայր Հովնիկեանին, Պարոյր Աւետիսեանին՝ «Էլեկտրոլիտ լուծոյթների հաղորդակցութեան ոչ կոնտակտային չափման ֆերոէլեկտրոնային նանօթաղանթային տուիչի մշակում եւ հետազօտում» թեմային համար եւ Հրաչ Տօնէյեանին, Արմինէ Գրիգորեանին՝ «Սիմիլարիտօնային ժամանակայաճախային Ֆուրյէ փոխակերպիչ գերարագ ֆոտոնիկայի համար» թեմային համար, 3րդ մրցանակը՝ Ովսաննա Զադոյեանին՝ «Գրաֆիկի լայնածաւալ արտադրութեան էժան, հեշտ եւ ոչ աւանդական տեխնոլոգիա» թեմային համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.