«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Այսօր այդ վեհագոյն պատիւը նուաճած է միայն հայկական բանակը, որ սոսկ զինուած ուժերու կառոյցով չէ որ կը մարմնաւորուի, այլեւ՝ լայն հասկացողութեամբ՝ իւրաքանչիւր զինուորով, հերոսներու ծնունդ տուող ծնողներով, անոնց անունով երդուող հարազատներով, զանոնք ոգեւորող, ներշնչող ժողովուրդով, որ կը նշանակէ՝ ամբողջ ազգով:
Սակայն, եկէք այս պատկերէն դուրս բերենք բանակը, եւ նոյն ժողովուրդը, նոյն մարդիկը, նոյն ծնողները, նոյն հարազատները անկարողութեան ու անճրկութեան մատնուած զանգուածներու կը վերածուին հայրենիքը տնտեսապէս հզօրացնելու, արդար հասարակարգ մը ստեղծելու մարտահրաւէրին առջեւ՝ խեղճանալով ապիկար իշխանաւորներու առջեւ:
Ինչպէ՞ս ուրեմն հասկնանք, որ մեր երեխաները, մեր զաւակները ամէն օր իրենց կեանքը վտանգի տակ կը դնեն, մահը աչք առած՝ հայրենիքի սահման կը պաշտպանեն եւ իրենց այդ առաքելութիւնը լիարժէք կատարելու համար չեն բաւարարուիր սովորականով, կը ձգտին գերազանցին, որպէսզի միշտ ու միշտ յաղթանակ ապահովեն: Կրնա՞նք երեւակայել, որ անոնք մէկ օր թուլացնեն իրենց զգօնութիւնը, մէկ օր որոշեն իրենց անձնական հարցերով զբաղիլ, դրամ շահելու ճարպիկութիւններով տարուիլ: Չե՛նք կրնար:
Եկէք մենք մեզի պատասխան տանք, այստեղ՝ Սփիւռքի մէջ, այնտեղ՝ հայրենիքի մէջ, ուր այս օրերուն Համահայկական ժողովի համար հաւաքուած են Սփիւռքի ու Հայաստանի ներկայացուցիչները, թէ՝ մենք, բոլո՛րս, ինչպէ՛ս կը համեմատուինք բանակի զինուորին հետ, որքա՛ն խղճմտանքով կը կատարենք մեր պարտաւորութիւնները՝ երաշխաւորելու համար հայրենիքի անկախութիւնը, եւ որքա՛ն նախանձախնդրութեամբ կը փորձենք հզօրացնել մեր պետականութեան հիմքերը:
Պատասխանը արդէն գիտէք:
Լի ու լի Համաձայն