
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– «Ազատութիւն» կայանին կողմէ կազմակերպուած Դիմատետրի ասուլիսին ընթացքին՝ պատասխանելով օգտատէրերէն մէկուն այն հարցումին, որ արդեօք երբեւէ ախոյեանը իրազեկ կ՛ըլլա՞յ ընկերային ընդվզման շարժումներուն՝ ըմբշամարտի յունահռոմէական ոճի աշխարհի նոր ախոյեան Արսէն Ջուլֆալակեան հաստատած է, որ հասարակութիւնը պէտք է ընդվզի:
«Եթէ ժամանակս ներէր, կը միանայի «Դէ՛մ եմ»ին, նաեւ՝ ելեկտրաէներգիայի թանկացման դէմ շարժմանը, տրանսպորտի թանկացման դէմ, բայց չէի կարող: Կարծում եմ, որ առողջ պետութեան մէջ նման շարժումներ պէտք է լինեն, հասարակութիւնը պէտք է իր դժգոհութիւնը յայտնի, բայց երկու կողմերն էլ պէտք է գործեն օրէնքի սահմաններում», յայտնած է ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իր եւ ընտանիքին ապագան Հայաստանի մէջ կը պատկերացնէ՞, ախոյեանը պատասխանած է, որ ժամանակը ամէն ինչ ցոյց կու տայ։
«Օրինակ՝ եթէ տեսնեմ պետութիւնը հետընթաց է ապրում, չեմ մնայ այստեղ: Հիմա շատ-շատ դանդաղ զարգացում է ապրում: Այսինքն, եթէ պատերազմ չի լինում, խանգարող ոչինչ չի լինում, երկիրը բնականոն հունով զարգանում է, իսկ եթէ ուզում ենք թռիչքային զարգանայ, ջանք ու եռանդ պէտք է ներդրուի», նշած է ան։