ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9ին, Կլենտէյլի համայնքային քոլեճի հոգաբարձութիւնը, հետեւելով Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանի օրինակին՝ որոշեց Ապրիլ 2015ը հռչակել «1915ի Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման ամիս»։
Բանաձեւը նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին դաստիարակչական ձեռնարկներու կը վերածէ քոլեճի գործունէութեան մէկ մասը, միաժամանակ՝ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութեան բարելաւումը հիմնէ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման ու վնասուց հատուցումներու յատկացման պայմաններուն վրայ։
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Արթին Մանուկեան դրուատած է Կլենտէյլի համայնքային քոլեճի հոգաբարձութեան այս քայլը՝ նշելով, որ նման որոշումներ կը նպաստեն ցեղասպանութեան կրկնութեան առաջքը առնելու ջանքերուն։
Մանուկեան, բանաձեւի քննարկման ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ շեշտած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ պահելու կարեւորութիւնը եւ խօսած Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն մասին։ Ապա ան կոչ ըրած էր, որ հոգաբարձութիւնը միաձայնութեամբ վաւերացնէ բանաձեւը։
Խօսք առած է նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան, տեղեկութիւններ տալով Հայ Դատի նախաձեռնած «Շնորհակալութիւն Ամերիկա» ծրագիրին մասին, որուն նպատակն է լուսարձակի տակ առնել Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայութեան մատուցուած ամերիկացիներու օժանդակութիւնները՝ Մերձաւեր Արեւելքի նպաստամատոյց կազմակերպութեան կողմէ։
Իրենց կարծիքները արտայայտած են նաեւ քանի մը ուսանողներ՝ նեցուկ կանգնելով բանաձեւին, որմէ ետք, քոլեճի հոգաբարձութեան ատենապետ Վահէ Փիրումեան առաջարկած է վաւերացնել բանաձեւը։ Հոգաբարձութեան անդամ Արմինէ Յակոբեան վաւերացման ի նպաստ արտայայտուած է, զայն երկրորդած է հոգաբարձութեան քարտուղար Անիթա Քուինոնեզ-Գաբրիէլեանը։
Յակոբեան նաեւ նշած է, որ իր ծնողները որբանոցներու մէջ հասակ նետած են, որովհետեւ իրենց ծնողները Ցեղասպանութեան ընթացքին սպաննուած են իրենց աչքերուն առջեւ, մինչ Գաբրիէլեան շեշտած է Ցեղասպանութեան դասաւանդման կարեւորութիւնը։
Բանաձեւին ի նպաստ արտայայտուած է նաեւ հոգաբարձութեան փոխատենապետ Թոնի Թարթակլիան եւ հոգաբարձութեան անդամ Էն Ռանսֆորտ, որմէ ետք բանաձեւը միաձայնութեամբ վաւերացուած է։
Վահէ Փիրումեան եւ Արմինէ Յակոբեան կոչ ըրած են այլ համայնքային քոլեճներու, որ նման բանաձեւեր որդեգրեն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.