ՊՕՂՈՍ ԱԲԵՂԱՅ ԹԻՔՃԵԱՆ
Քրիստոնէական կրօնքի խորհրդանիշ դարձած Քրիստոսի խաչափայտը, որ հռոմէացիներուն ամէնէն սարսափազդու պատժամիջոցն էր, իսկ հրէաներուն համար՝ ամէնէն անարգ մահը, Քրիստոսով վերածուեցաւ մարդուն հանդէպ աստուածային անսահման սիրոյ նշանի, հաւատացեալներուն համար օրհնութիւն եւ բանսարկուի որոգայթներէն ու անոր յարձակումներէն պահպանուելու զրահի:
Մարդ արարածը միշտ իր մեծագոյն նուաճումով հպարտացած է եւ իր կեանքէն կամ ազգի ու կրօնքի պատմութենէն լուսարձակի տակ բերած է բարձրագոյն յաջողութիւն: Քրիստոնեաներուն համար այդ պարծանքի նշանը Քրիստոսի փրկարար խաչն է, որուն համար Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ. «Քաւ լիցի, որ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Խաչէն բացի ուրիշ բանով պարծենամ» (Գղ 6.14):
Թէեւ խաչը Քրիստոսի մահուան գործիքն էր, սակայն քրիստոնեաներուն համար անիկա մարգարէութեանց լրման, մեղքերու քաւութեան, Քրիստոսի Յարութեան ու Համբարձման համար կարեւոր ազդակ մըն էր, եւ որովհետեւ Քրիստոսի միջոցաւ այլեւս ամօթ չէր հաւատալ ու հետեւիլ խաչեալի մը՝ Քրիստոնեայ եկեղեցին մեծ կարեւորութիւն ընծայեց Ս. խաչին: Տարուան ընթացքին Քրիստոսի Խաչելութեան (Աւագ Ուրբաթ) յիշատակութենէն անկախ, եկեղեցին կը տօնէ չորս Խաչի տօներ, որոնցմէ ժամանակագրական կարգով վերջինն է Խաչի Վերացման տօնը՝ անցած եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներու շարքին որպէս լրացուցիչը եւ պսակը Քրիստոսի կեանքին հետ առնչութիւն ունեցող տօներու: Խաչվերացի տօնը կը նշուի ամէն տարի, Սեպտեմբեր 14ի ամէնէն մերձաւոր Կիրակի օրը, որ տօնախմբութեան կարեւոր օր է, հաւատացեալներու համար Խաչի օրհնութիւնը ու օրհնուած ռեհանը իրենց տուները տանելու եւ Քրիստոսի հրաշափառ զօրութիւնը զգալու կրկնակի առիթ է:
Խաչի Վերացման կամ Բարձրացման տօնը իւրայատուկ նշանակութիւն եւ դերակատարութիւն ունեցած է քրիստոնէական կրօնքին մէջ, նոյնիսկ առաջին օրերէն սկսեալ: Յակոբոս Տեառնեղբօր՝ Խաչափայտի առաջին բարձրացման ժամանակ արտասանած յուզումնալից եւ սրտառուչ «Խաչի քո Քրիստոս, Երկիրպագանեմք…» տաղէն սկսեալ, մինչեւ կայսերամայր սրբուհի Հեղինէին կողմէ 326ին Ս. Խաչը գտնուիլը եւ անկէ 25 տարիներ ետք Երուսաղէմի մէջ Գողգոթայէն մինչեւ Ձիթենեաց լեռ լուսաւոր Խաչի երեւումը, վերջապէս անոր ազատագրումն ու վերացումը՝ հաւատացեալներուն համար ոգեւորութեան, յոյսի, մխիթարութեան, հաւատքի եւ երկիւղածութեան աստուածատուր շնորհքներ եղած են:
Վերացման Ս. Խաչի տօնի պատմութիւնը կու գայ եօթներորդ դարու սկիզբէն, երբ պարսից զօրքը ասպատակեց Երուսաղէմը եւ այնտեղէն գերի առաւ գաղտնի պահուած ու դարերով պաշտպանուած Քրիստոսի Ս. Խաչը: Սակայն Հերակլ կայսրը 628 թուականին Խաչը ազատագրեց եւ տարաւ Կ. Պոլիս: Երբ կը ձեռնարկուի այնտեղէն Երուսաղէմ վերադարձնելու ազատագրուած Խաչափայտը, ժողովուրդը կը միանայ այդ հսկայական շքեղ թափօրին եւ Հայաստանէն անցնելով՝ լեռներն ու դաշտերը օրհնելով կը հասնին Երուսաղէմ:
Խաչվերացի տօնին առթիւ օրհնուած ռեհանը խորհրդանիշն է Ս. Խաչէն ճառագայթող օրհնութեանց: Անիկա մշտադալար է՝ Խաչի մշտական օրհնութիւններուն նման, բուրումնաւէտ է ու ռունգերուն հաճելի, Խաչին անսպառ զօրութեան եւ հաւատացեալին հոգին նեխութիւններէ մաքրող ու շնորհքի բուրմունքներով զարդարող յատկութեան նմանողութեամբ:
Քրիստոսի Խաչը ճգնաւորներու, մարտիրոսներու եւ շատ մը հաւատացեալներու համար եղած է պաշտպանութեան աներեւոյթ վահան, որուն միջոցաւ հեռու մնացած են չարի նետերէն, բազմազան փորձանքներէ ու փորձութիւններէ:
Քրիստոսը հալածող, սակայն յետագային Խաչին համար բանտարկուող Պօղոս առաքեալը լաւագոյն կերպով կը ներկայացնէ Խաչի զօրութիւնը (Ա. Կր 1:18-31), այնտեղ ցոյց տալով, թէ «Աստուծոյ խաչը, զոր հրեաները տկարութիւն կը համարեն, աւելի զօրեղ է, քան մարդկային ամէն զօրութիւն (25)… Աստուած ընտրեց այն, ինչ այս աշխարհը յիմար կը սեպէ, անով իմաստունները ամօթով ձգելու համար (27)»:
Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ շարականները գեղեցիկ կերպով նկարագրած ու ստորոգելիներ տուած են Ս. Խաչին, ինչպէս օրինակ՝ երկրորդ Գալուստի նշան, յաղթութեան նշան, զօրութեան գաւազան, կենաց փայտ, հաւատացեալներու օգնական, նորոգող եւ կենդանացնող, մահացու պտուղի փոխան զՔրիստոս պտղաբերող փայտ, երկինք բարձրացած իմանալի սանդուխ, անպատմելի կառք, անքննելի խորհուրդի ընդունարան, սաւառնաթեւ, երկրի վրայ երկինք եւ երկնքի մէջ անխօս բարեխօս, արքայութեան բանալի, անդրանիկներու սատակումէն աներկիւղ պահող նշան եւ բիւրաւոր այլ յատկութիւններ, զորս անհնար է բոլորը այստեղ միատեղելով նշել:
Գրիգոր Տաթեւացի հայրապետը առաւել քան տասնեակ բացատրութիւններ կու տայ քառաթեւ խաչի իմաստներուն մասին, որոնցմէ յատկանշական են եւ յիշարժան հետեւեալ երկուքը.
Ա.- Քառաթեւ խաչը կը նշանակէ Քրիստոսի չորս բարերարութիւնները: Վերի մասը ցոյց կու տայ երկինքի արքայութեան դռներուն բացուիլը, վարի մասը՝ դժոխքի աւերումը, աջ կողմը՝ շնորհքներու բաշխումը եւ ձախը՝ մեղքերու թողութիւնը:
Բ.- Նաեւ կը նշանակէ՝ չորս առաքինութիւններ: Վերի մասը՝ սէր, վարը՝ խոնարհութիւն, աջը՝ հնազանդութիւն, իսկ ձախը՝ համբերութիւն: (Գիրք Հարցմանց):
Վերջապէս, եթէ ուզենք կարգ մը նմանութիւններ կատարել Ս. Խաչի զօրութիւնը յայտնաբերելու համար, ապա պիտի նկատենք, թէ Խաչը՝
– Քրիստոսի կողէն հոսած արիւնով փրկեց ամբողջ տիեզերքը, կողածինին՝ Եւայի, գործած մեղքէն.
– Գիտութեան ծառի պտուղին պատճառով դրախտէն արտաքսուածներս, իր կրած պտուղով՝ Քրիստոսի միջոցաւ, դրախտ վերադարձուց.
– Միակ բանալին եղաւ դժոխքի դռները բանալու եւ անգամ մը մեղքին գերի դարձածներս ազատագրելու.
– Ինչպէս սատանան ծառով (Բարիի ու չարի գիտութեան ծառ) մը խաբեց Ադամն ու Եւան, այնպէս եւ Յիսուս ծառէն շինուած փայտով փրկեց մեղաւորները.
– Խաչով կամրջուեցաւ մարդու մեղքերուն միջոցաւ Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ յառաջացած վիհը:
Արդարեւ, Խաչի Վերացման տօնը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար պէտք է ըլլայ խաչի արժէքին, զօրութեան եւ հրաշագործութեան անդրադարձման օր մը: Հետեւաբար, շարականագիրին ձայնակցելով՝ պէտք է երգել ըսելով. «Այսօր կեանքի ծառին ճանապարհը, զոր քերովբէները շրջապատելով զգուշութեամբ կը պահէին, խաչով՝ բոցեղէն սուրը վերցնելով, Ադամի որդիներուն ճանապարհ բացիր։ Օրհնեալ Ես մեր հայրերուն Տէր Աստուածը»: