
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Քիթի արիւնահոսութիւնը բնական երեւոյթ մը չէ: Անիկա ժողովուրդը շփոթի եւ ահազանգի կը մատնէ ու անհաճոյ կացութիւն մը կը ստեղծէ թէ՛ ենթակային եւ թէ անոր շուրջը գտնուողներուն համար: Սակայն կրնանք ըսել, թէ քիթի արիւնահոսութիւնը միշտ մտահոգիչ չէ:
Քիթի արիւնահոսութեան պատճառները բազմաթիւ են: Անիկա տեղի կ՛ունենայ երկու ձեւով.
Ա. Քիթի յառաջամասէն (anterior).
Բ. Քիթի յետսամասէն (posterior)։
Ա. Քիթի յառաջամասի արիւնահոսութիւն
Ասիկա աւելի յաճախակի է եւ նկատուած է անվտանգ երեւոյթ մը, որովհետեւ կարելի է կասեցնել զայն շուտով: Անիկա կը յայտնուի քթախորշի (nasal cavity) յառաջամասին մէջ եւ քիթէն դուրս:
Այս արիւնահոսութիւնը տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ պատճառներով.
ա. Քիթի խորշապատի (septum) աճառային (cartilaginous) մասի խլնաթաղանթի զարկերակներու եւ երակներու զանազան տեսակի հարուածային վնասումով: Զարկերակները եւ երակները կը վնասուին, կը բացուին եւ տեղի կ՛ունենայ արիւնահոսութիւն: Յաճախ կը տեսնենք անձեր եւ մանաւանդ մանուկներ, որոնք իրենց մատներու եղունգներով շարունակ եւ անտեղիօրէն կը գրգռեն իրենց քիթին խլնաթաղանթը, ինչ որ պատճառ կը դառնայ քիթի արիւնահոսութեան:
բ. Արտաքին հարուած, որ պատճառ կը դառնայ աւելի մեծ տարողութեամբ արիւնահոսութեան: Այս պարագային կրնայ պատահիլ խորշապատի կոտրտուք եւ խլնաթաղանթի պատռուածք:
գ. Խորշապատի ոսկրային խթ-աններ (bony spurs) եւ անճոռնի ծռութիւններ, որոնց պատճառով քիթի խլնաթաղանթը կը վնասուի եւ կ՛արիւնի:
դ. Օտար մարմիններ քթախորշին մէջ, որոնց պատճառով նոյնպէս քիթի խլնաթաղանթը կը վնասուի եւ կ՛արիւնի:
ե. Օդի չորութիւն եւ նուազ խոնաւութիւն, որոնց պատճառով քիթի խլնաթաղանթը կը կորսնցնէ իր լպրծուն եւ խոնաւ վիճակը, եւ հետեւաբար խորշապատի խլնաթաղանթի երակները հակամէտ կ՛ըլլան բացուելու եւ արիւնահոսութեան:
զ. Զարկերակային եւ երակային հիւանդութիւններ.
1. Երակներու ընդլայնում (varicose veins).
2. Հեռանօթածաւալում (telangiectasia).
3. Պնդերակութիւն (arteriosclerosis).
4. Արիւնահոսային հիւանդութիւններ՝ սպիտակարիւնութիւն (leukemia) եւ արիւնահոսկանութիւն (hemophilia), որ ժառանգական հիւանդութիւն մըն է:
է. Լաւորակ ոչ-մահացու ուռեր, օրինակ՝ փոլիփներ (polyps):
ը. Վատորակ ուռեր՝ քաղցկեղ:
թ. Թունաւոր կազերու, զօրաւոր հոտերու եւ բեղմնափոշիի (pollen) պատճառած գրգռ-ութիւն:
ժ. Ուժգին փռնգտուք:
ժա. Արեան գերճնշում (hypertension):
Բ. Քիթի յետսամասի արիւնահոսութիւն.
Անիկա տեղի կ՛ունենայ քիթին յետսամասը: Իսկ հոսած արիւնը կը յայտնուի ըմբանին, բերանին մէջ ու քիթի յառաջամասը եւ քիթէն դուրս: Հիւանդը կը կլլէ կամ կը թքնէ ըմբանին եւ բերնին մէջ կուտակուած արիւնը:
Յետսամասի արիւնահոսութիւնը կը պատահի առաւելաբար տարեցներուն: Անոր պատճառներն են.
ա. Պնդերակութիւն
բ. Արեան գերճնշում
գ. Սիրտի որոշ հիւանդութիւններ
դ. Արիւնահոսութեան հիւանդութիւններ
ե. Արեան հակամակարդիչներու (anticoagulants) անկանոն գործածութիւն
զ. Լաւորակ ուռեր՝ ցցունքներ (polyps).
է. Վատորակ ուռեր՝ քաղցկեղ։
Քիթի յետսամասի արիւնահոսութիւնը աւելի մտահոգիչ է քան յառաջամասինը եւ անոր դարմանումը՝ աւելի դժուար:
Անհատը մեծ քանակութեամբ արիւն կրնայ կորսնցնել կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ եւ ենթարկուիլ լուրջ բարդութիւններու, օրինակ՝ սակաւարիւնութիւն (anemia), ուժաթափութիւն, գլխապտոյտ, գլխացաւ, արեան ենթաճնշում եւ մարմնական ընդհանուր փլուզում-փլանք (shock):
Յառաջամասի արիւնահոսութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի քթադիտակումով՝ ուղղակի տեսնելով քիթի յառաջամասը:
Յառաջամասի արիւնահոսութեան դարմանումը աւելի դիւրին է եւ յաջող քան յետսամասինը:
Քիթի արիւնահոսութեան պարագային առաջնահերթութիւն պէտք է տրուի արիւնահոսութեան կասեցման: Այս մէկը կը կատարուի հետեւեալ միջոցառումներով.
1. Երկու մատներով դուրսէն ճնշում բանեցնել քիթին վրայ մօտաւորապէս 15-30 վայրկեան.
2. Այրել եւ սպիացնել (cauterize) արիւնահոսութեան վայրը որոշ դեղերով կամ ելեկտրական ջերմութեամբ.
3. Խցել քիթի յառաջամասը իւղապատ խցաններով (waxy packs) եւ կամ օդով լեցուն կերպընկալ պզտիկ գնդակներով՝ ճնշում բանեցնելու համար արիւնահոսութեան կէտին վրայ: Այս խցանները կամ կերպընկալ գնդակները կը պահուին 24-48 ժամ եւ ապա զգուշութեամբ դուրս կը բերուին ու կը կատարուի արիւնահոսութեան վերջնական ախտաճանաչումը: Այս հանգրուանէն ետք կը կատարուի նաեւ ախտապատճառին հիմնական դարմանումը:
Յետսամասի արիւնահոսութեան ախտաճանաչումը կրնայ բաւական դժուար ըլալ, նկատի ունենալով արիւնահոսութեան ծաւալը եւ անոր վայրը: Հոս նախքան արիւնահոսութեան ախտաճանաչումը շուտով պէտք է կասեցուի արիւնահոսութիւնը, որ կը կատարուի հիւանդանոցի մը մէջ հետեւեալ ձեւով՝ քիթին երկու խորշերը յառաջամասէն եւ քիթին յետսամասն ու քթաըմբանը ուժգնօրէն կը խցուին իւղապատ խցաններով կամ օդով լեցուն կերպընկալ գնդակներով մօտաւորապէս 48-72 ժամ: Այս միջոցառումը բաւական անհաճոյ կացութեան կը մատնէ հիւանդը: Այս ժամանակամիջոցին՝
1. Կը կատարուի յետսամասի արիւնահոսութեան ախտաճանաչումը.
2. Արեան գերճնշումի պարագային կը կիրարկուին հակա-գերճնշումի (anti-hypertensive) դեղեր.
3. Քնաբեր եւ հանդարտեցուցիչ դեղեր կը տրուին հիւանդին, որպէսզի ան մտային եւ ֆիզիքական հանդարտ վիճակի մէջ մնայ.
4. Կը կիրարկուին ներերակային հեղուկներ եւ արեան փոխներարկում (blood transfusion):
Քիթի խցանները դուրս բերուելէ ետք կը կատարուի յետսամասային արիւնահոսութեան ախտապատճառին հիմնական դարմանումը:
Յաճախ քիթի խցանները դուրս բերելէ ետք արիւնահոսութիւնը կը վերսկսի, հետեւաբար քիթը յառաջամասէն եւ յետսամասէն դարձեալ կը խցուի ամբողջութեամբ: