ՄԱԿը Օգոստոս 28ին հաստատեց, որ զինեալ խմբաւորում մը Կոլան հաստատուած իր խաղաղապահներէն 43ը գերեվարած է, եւ կազմակերպութիւնը իր կարելին կ՛ընէ անոնց ազատ արձակման համար։ Կոլանի մէջ գտնուող 1200 զինուորներէ բաղկացած խաղաղապահ ուժերը կազմուած են Ֆիճիէն, Հնդկաստանէն, Իրլանտայէն, Նեփալէն, Հոլանտայէն եւ Ֆիլիփինէն եկած զինուորներէ։ Յստակ չէ, թէ գերեվարուած զինուորները ի՛նչ ազգութեան կը պատկանին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.