Արցախի պատգամաւորները կը պատրաստուին Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն: Սամուէլ Շահրամանեանի պաշտօնավարման ժամկէտը 20 օրէն պիտի աւարտի: Արցախի խորհրդարանը ունի այն կարծիքը, որ պետական համակարգերը, թէկուզ վտարանդի, պէտք է շարունակեն գործել:
«Եւ շատ աւելի նախընտրելի է, որ մենք բոլորս կարողանանք, էսպէս, կոնսենսուսային (համախոհութեան) նախագահ ունենալ, ի սկզբանէ հակուած լինենք կոնկրետ (յատուկ) անձի ընտրելու` պայմանաւորուած այն հանգամանքով, որ, նախ, պահպանուի Արցախի նախագահի ինստիտուտը (կառոյցը), երկրորդ` նախագահը կենսունակ լինի, այդ ինստիտուտը կենսունակ լինի», «Ազատութեան» հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց «Արդարութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Մետաքսէ Յակոբեան:
Արցախցիներու իրաւունքներու եւ վերադարձի հարցը յառաջ մղելու, օրակարգի վրայ աշխոյժ պահելու համար պէտք է տեղահանուած ժողովուրդը ունենայ առաջնորդ մը, նախագահի հաստատութիւնը անխափան աշխատի, դիտել տուաւ Յակոբեան: Ըստ անոր՝ միջազգային կառոյցներուն մէջ զիրենք կը շարունակեն ընդունիլ իբրեւ Արցախի ներկայացուցիչներ:
«Հիմա շատ շատերի մօտ հարց է առաջանում` լաւ, ինչի է պէտք Արցախի պետական ինստիտուտները (հիմնարկները): Միջազգային հանրութիւնը ինքը հակուած է եւ տեսնում է, թէկուզ եւ իրենց ձեւակերպումներում մի գուցէ Արցախի նախագահ չի, բայց իրենք մեզ բոլորիս ընկալում են որպէս Արցախի լեգիտիմ (օրինական) ներկայացուցիչներ», վստահեցուց Յակոբեան։
Նախագահի թեկնածուի քննարկումները տակաւին չեն հանգուցալուծուած: Յաջորդ շաբաթ պիտի յստականայ, որ միասնակա՞ն, թէ առանձին թեկնածուներ պիտի առաջադրուին: Սամուէլ Շահրամանեանի թեկնածութեան մասին ի՞նչ կը մտածեն: Հաւանականութիւն կա՞յ, որ ան շարունակէ այս պաշտօնը։
«Երեւի դուք ուղիղ պատասխան էք ուզում ինձնից, բայց ես հակուած եմ, որ Արցախը նախագահ ունենայ, այդ ինստիտուտը պահպանուի, երկրորդը` այն նախագահը, որը կ՛ընտրուի, պիտի կենսունակ լինի: Պիտի Արցախի նախագահը նաեւ լինի էնպիսին, որպէսզի այդ ժողովուրդը` Արցախի ժողովուրդը, վախուորած, չգիտեմ, խեղճացած, անհայրենիք էդ զգացողութիւնը չլինի իրենց մօտ, եւ կարողանայ համախմբի իր շուրջ», յայտարարեց Յակոբեան:
Նախընտրական քննարկումներուն, որոնք աշխոյժօրէն կը շարունակուին, չեն մասնակցիր Սամուէլ Բաբայեանի գլխաւորած կուսակցութեան` «Միասնական Հայրենիք» խմբակցութեան պատգամաւորները: Թէեւ մամուլին մէջ գրուեցաւ Սամուէլ Բաբայեանի թեկնածութեան մասին, բայց ան յայտարարեց, որ ինք չի յաւակնիր Արցախի նախագահի պաշտօնին: Ապա շրջան ըրին լուրեր Արցախի նախկին նախարարներէն Հայկ Խանումեանի թեկնածութեան մասին:
«Որեւէ խմբակցութիւն ինձ առաջարկ չի արել, որեւէ պատգամաւոր ինձ առաջարկ չի արել, ոչ էլ ես եմ որեւէ մէկին առաջարկ արել: Արցախի տարածքից դուրս որեւէ արցախեան պաշտօնի չեմ յաւակնում: Երբ Արցախը վերադարձնենք, էն ժամանակ էդ հարցը կարող էք ուղղել», «Ազատութեան» յայտնեց Խանումեան, որ թէեւ առաջադրուելու մտադրութիւն չունի, բայց կողմ է, որ Արցախի կառավարութիւնը, նոյնիսկ վտարանդի, շարունակէ գործել։
Արցախի նախագահին ընտրութիւնը հաւանաբար տեղի ունենայ Մայիսի աւարտին, նոյնիսկ եթէ Սամուէլ Բաբայեանի խմբակիցներն ալ նիստին չմասնակցին՝ մնացած պատգամաւորներուն ձայները ընտրելու համար բաւարար են: