ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուասական «Ինթերֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան սպասարկութիւնը Պրիւքսէլի մէջ յայտարարած է, թէ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները հաստատած են Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովագրութեան հարցերով յանձնակատար Քեթրին Էշթընի՝ Հըրպըրթ Սալպերը Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ նշանակելու առաջարկը։
Ըստ Էշթընի՝ նոր ներկայացուցիչին «երկարամեայ փորձառութիւնն ու գիտելիքները էական նշանակութիւն ունին Եւրոպական Միութեան համար»։ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ իր ասպարէզի աւարտէն ետք, Սալպեր աշխատած է Ալմաթիի մէջ իբրեւ ԵԱՀԿի կեդրոնի ղեկավար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.