
ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Հինգշաբթի, Օգոստոս 28ին դադրեցաւ Թուրքիոյ վարչապետը ըլլալէ եւ պաշտօնապէս դարձաւ Թուրքիոյ 12րդ նախագահը՝ կատարելէ ետք երդման արարողութիւնը, որ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան կողմէ պոյքոթի ենթարկուեցաւ։ Չանքայայի նախագահական պալատին մէջ ընդունելութեան մասնակցեցան Ասիայէն, Ափրիկէէն, Միջին Արեւելքէն եւ Եւրոպայէն շուրջ 90 երկիրներու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին էին Քաթարի իշխանը, Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւը եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը։ Արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը։ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքօ եւ Փաքիստանի վարչապետ Նաուազ Շարիֆ իրենց երկիրներուն մէջ տիրող պայմաններուն պատճառով մետասաներորդ պահուն ջնջեցին Անգարա իրենց այցելութիւնը։
Միացեալ Նահանգները ներկայացուց Անգարայի մօտ Ամերիկեան դեսպանատան գործավարը։ Ուաշինկթըն հերքեց, թէ այդ մէկը Անգարայի պատգամ մը փոխանձելու համար էր, այլ այդ քայլին դիմած էր, պարզապէս որովհետեւ «երկրի նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարը բազմազբաղ են», ու ցարդ Անգարայի մօտ դեսպանի թեկնածութիւնը չէ հաստատուած։ Ներկայ էր նաեւ Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ Աթէշեան արքեպիսկոպոսը։
Էրտողան իր խօսքին մէջ յայտարարեց. «Հին Թուրքիոյ ժամանակաշրջանը աւարտած է։ Մենք այժմ կը գտնուինք նոր Թուրքիոյ, Մեծն Թուրքիոյ ժամանակաշրջանին մէջ, որ իր մէջ կը պահէ հանրապետութեան խորքն ու ոգին»։
Թուրքիոյ 12րդ նախագահը ըսաւ, որ Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը պիտի շարունակուի։ «Մեր արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր առանցքը խաղաղութիւնը, համերաշխութիւնն ու բարօրութիւնն են։ Թուրքիա որեւէ երկիրի հողերուն կամ ներքին հարցերուն վրայ աչք չունի։ Մենք նման որեւէ նպատակներ կամ ծրագիրներ չունինք», ըսաւ ան։ Էրտողան իր խօսքին վերջաւորութեան խոստացաւ շարունակել նախորդ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի ուղիով ընթանալ։
Նախքան Չանքայա ուղղուիլը, Էրտողան այցելեց Աթաթիւրքի դամբարանը, ուր պաշտօնական այցելուներու տետրակին մէջ կատարեց գրութիւն մը՝ նշելով. «Քու մահէն ետք, նախագահութեան եւ ժողովուրդին միջեւ կապը տկարացաւ։ Կը հաւատամ, որ այսօր սկսած նստաշրջանս ժողովուրդին համար միջոց մըն է՝ իրենց նախագահին փարելու, իսկ պետութեան համար՝ իր ժողովուրդին փարելու։ Թուրքիա այսօր դարձեալ իր խորքին ու ոգիին համահունչ եղաւ։ Ազգային գերիշխանութիւնը աւելի քան երբեք ամրապնդուած է»։
Էրտողան արդէն իսկ աշխատանքի լծուած է նախագահի լիազօրութիւնները ընդարձակելու նպատակով։