
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 27 Օգոստոսին Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մօտակայքը մասնակցած է «Երկրապահ կամաւորականների միութեան» կողմէ աւանդական ուխտագնացութեան ծիրին մէջ կազմակերպուած տօնական հանդիսութեան։
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նախագահ Սահակեան երկրապահական աւանդական ուխտագնացութիւնները շատ կարեւոր նկատած է մատաղ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան, ազգային ռազմական աւանդութիւններու պահպանման, հայրենի երկիրը աւելի լաւ ճանչնալու տեսանկիւնէ:
Նախաձեռնութեան մասնակցած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանը, Երկրապահ կամաւորականների միութեան նախագահ Մանուէլ Գրիգորեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: