ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Քաղդիացիներու Լուիս Ռուֆայէլ Սաքօ պատրիարքը կոչ ուղղեց հաւատադրժողականները ետ մղելու նպատակով Իրաքի քրիստոնէաբնակ շրջաններուն մէջ տեղակայելու միջազգային ուժեր, որոնց պիտի օժանդակեն զինուորագրուած քրիստոնեաներ, որպէսզի քրիստոնեաները իրենց բնակավայրերը վերադառնան։ «Աշխարհը մեզի մոռցած է. մենք ամէն օր աշխարհի պետութեանց պատգամներ կը յղենք, սակայն ոչ ոք կը պատասխանէ», ըսած է ան։
Սաքօ պատրիարքը նաեւ շեշտեց. «Ամերիկան ու Արեւմուտքը տեղահանման մեղսակից են», ու նշեց, թէ Լիբանան քաղդիացիներու գաղթի մէկ հանգրուանն է եւ ոչ թէ երկիր մը, ուր կրնան մնալ, որովհետեւ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը վատ վիճակի մէջ է եւ օժանդակութեան կը կարօտի»։
Ան զարմանք յայտնեց, որ աշխարհը ցնցուեցաւ, երբ ամերիկացի լրագրող Ճէյմզ Ֆոլի սպաննուեցաւ, սակայն ձեռնածալ մնաց, երբ քրիստոնեաները տեղահանուեցան։
«Ամերիկան Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու պատահածին համար պատասխանատու է։ Իսլամ ծայրայեղականներու ետին Ամերիկան կը կանգնի, ինչ որ մեծ ոճիր է, եւ ամենայն աներեսութեամբ կ՛ուզէ քրիստոնեաները իրենց բնակավայրերէն եւ եկեղեցիներէն խլել։ Որովհետեւ Արեւմուտքի մէջ աշխատող ձեռքերու պէտք ունին, կ՛ուզեն մեզ դէպի այդտեղ տեղահանել, սակայն հողը պիտի չլքենք, ի՛նչ ալ ըլլան զոհողութիւնները», աւելցուց ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.