ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի Ատրպէյճանի մէջ իրաւապաշտպան եւ լրագրող Իլկար Նասիպովի ծեծուելուն առնչութեամբ յայտարարութիւն մը կատարած է։
«Կը դատապարտենք Օգոստոս 21ին յայտնի քաղաքացիական գործիչ Իլկար Նասիպովի ծեծի ենթարկման փաստը, որ տեղի ունեցած էր Նախիջեւանի մէջ։ Ժողովրդավարութեան աջակցութեան ոչ կառավարական կեդրոնի աշխատակիցը ծանր վիճակի մէջ հիւանդանոց մուտք գործած է։ Ինչպէս կ՛իմանանք, ոստիկանութիւնն ու դատախազութիւնը անյապաղ հետաքննութեան սկսած են։ Կոչ կ՛ընենք կատարելու արագ, ամբողջական ու թափանցիկ հետաքննութիւն եւ յարձակողները ենթարկելու քրէական պատասխանատուութեան», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Փսաքի նաեւ յայտնած է, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը պէտք է անյապաղ քայլերու ձեռնարկէ, հիմնարար ազատութիւններն ու մարդկային իրաւունքները պաշտպանելու նպատակով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.