ՊՈԼԻՍ.- «Մարմարա» կը գրէ, որ թրքական մամուլը հետաքրքրական լուր մը հրապարակած է Լիճէի մէջ պետական ուժերուն կողմէ անցեալ շաբաթ քանդուած արձանին կապակցութեամբ։ Խնդրոյ առարկայ արձանը Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան սպաննուած գործիչ Մահսում Գորգմազի արձանն է, որուն համար ըսուած էր, թէ նոր տեղադրուած է Լիճէի Եոլչաթը գիւղին մէջ՝ քիւրտ յեղափոխականներուն յատկացուած գերեզմաննոցի մը հողամասին վրայ։
Տիգրանակերտի կուսակալութիւնը արձանին դէմ գանգատ ներկայացուցած էր ու զինուորական ուժերը՝ դատարանի որոշումով, արձանը քանդած էին. ընթացքին բախումներ տեղի ունեցած էին ու քաղաքացի մը սպաննուած էր։
«ՀապերԹիւրք»ի աշխատակից Կիւնկէօր Քարաքուշ տեղւոյն բնակիչներուն հետ խօսած է եւ իմացած, որ արձանը նոր տեղադրուած չէ, այլ հոն էր 8 ամիսէ ի վեր, սակայն Օգոստոս 15ին անոր բացումը կատարուած է։
Գիւղացիները պնդած են նաեւ, որ ճիշդ չէ սպայակոյտի ղեկավարութեան կողմէ հրապարակուած այն լուրը, ըստ որուն՝ արձանի քանդման գործողութեան ընթացքին 200-500 հոգիէ բաղկացած ուժ մը յարձակած է զինուորներուն վրայ։ Դէպքին ընթացքին հոն հարիւրաւոր կիներ ու մանուկներ կը գտնուէին ու անոնք տեղեկութիւն չունէին զինուորական գործողութենէն։ Բոլորն ալ համակարծիք էին, որ պատահածը «գրգռութիւն» մըն էր իրենց դէմ։
«Պի.Պի.Սի.»ի թրքերէն ծառայութեան հաղորդումներուն մէջ ալ ըսուած է, որ բազմաթիւ լրագրողներ յայտնած են, թէ արձանը գաղտնի կերպով զետեղուած չէր, արձանի զետեղման գործողութեան մասնակցած էին հարիւրաւոր գիւղացիներ։ Արձանը իրականացած էր 56 գիւղերու մասնակցութեամբ ու նիւթական օժանդակութեամբ։
Եոլաչթը գիւղի նշեալ գերեզմանատան մէջ մօտաւորապէս 250 քիւրտ յեղափոխականներու գերեզմանները կան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.