ԹԵՀՐԱՆ, «Ֆարս».- Իրանի յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, որ իր հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը Օգոստոս 24ին վար առած են իսրայէլեան առանց օդաչուի թռչող սարք մը, նախքան Արաք քաղաքին մօտ գտնուող Նաթանզ հիւլէական կեդրոնի օդային տարածք մուտք գործելը:
Իրանի յեղափոխական պահակագունդի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ նշեց. «Հրթիռ մը հարուածեց առանց օդաչուի «Շապահ» տիպի իսրայէլեան լրտեսական օդանաւ մը՝ հակաօդային ուժերուն կողմէ նշմարուելէ ետք»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.