ՆԱՓԱ, «Էյ.Փի.».- Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ մէջ 6 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը Օգոստոս 24ին մեծ խուճապ ստեղծեց մասնաւորաբար Նափա քաղաքին մէջ, ուր արտակարգ վիճակ հռչակուեցաւ։ Արձանագրուեցան մօտաւորապէս 170 վիրաւորներ, որոնցմէ երեքին վիճակը ծանր է։
Նահանգապետ Ճերի Պրաուն ըսաւ, որ երկրաշարժը ամէնէն զօրաւոր կերպով զգալի եղաւ Նափայի մէջ, որ ծանօթ է որպէս գինեգործութեան քաղաք։ Նափայի մէջ հրդեհներ ծագեցան, հրշէջները տենդագին աշխատանք տարին հրդեհները մարելու ու ներսը մնացածները փրկելու համար։
Նափայի մէջ երեք պատմական կարեւոր շէնքեր, որոնցմէ մէկը արդարադատութեան պալատն է, վնասներ կրեցին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.