ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ճատրակի վարպետ Լեւոն Արոնեան 2805 միաւորով կը շարունակէ գրաւել երկրորդ դիրքը՝ Ճատրակի միջազգային դաշնակցութեան վարկանշային ցանկին, որ հրապարակուեցաւ 1 Օգոստոսին։
Առաջին դիրքի վրայ է ճատրակի աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընը՝ 2877 միաւորով:
3րդ, 4րդ եւ 5րդ դիրքերը համապատասխանաբար գրաւած են իտալացի Ֆապիանօ Քարուանան՝ 2801, ռուս Ալեքսանտր Կրիսչուքը՝ 2795 եւ Հիքարու Նաքամուրան, Միացեալ Նահանգներէն՝ 2787 կէտով:
Աշխարհի 100 լաւագոյն ճատրակ խաղացողներուն ցանկին մէջ են նաեւ Հայաստանի 3 ներկայացուցիչներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.