ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 2014 թուականի Յունուար-Յուլիսին Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով Իրան ուղարկած է ոչխարի միս՝ կենդանի ոչխարներու փոխարէն: «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին գիւղատնտեսութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն տեղեկացուցած են, որ Սիւնիքի մարզի Սիւնիք գիւղի սպանդանոցին մէջ 9 հազար գլուխ ոչխար մորթուած է՝ Իրան արտածման նպատակով: 2013 թուականին բացուած այս սպանդանոցը Հայաստանի մէջ առաջինն է, որ Իրան միս կ՛արտածէ իսլամական «հալալ» չափանիշով:
Հայաստանի պետական եկամուտներու կոմիտէի մաքսային վիճակագրութեան համաձայն՝ 2014ի առաջին կիսամեակին Հայաստանէն 52.7 թոն ոչխարի միս արտածուած է, բոլորը՝ Իրան:
Ոչխարի միսի արտածման քանակը կ՛աւելնայ՝ փոխարինելով կենդանի ոչխարի արտածումը:
Ընդհանուր առմամբ, 2014ի 7 ամիսներուն ընթացքին միսի համար վաճառուած է 237.5 հազար գլուխ մանր կոտոշաւոր անասուն, որուն 96 տոկոսը՝ ներքին շուկային մէջ: Կ՛ակնկալուի, որ մինչեւ տարեվերջ թիւը պիտի աւելնայ 230-270 հազար գլուխով՝ հասնելով շուրջ 500 հազարի: Կը նախատեսուի, որ այդ թիւին 160-170 հազարը սպառի ներքին շուկային մէջ։
2014 թուականին Հայաստանի մէջ, ընդհանուր առմամբ, ոչխարի եւ այծի գլխաքանակի աճի միտում նկատուած է: Ներկայիս հանրապետութեան մէջ հաշուըւած են շուրջ 980 հազար գլուխ ոչխար եւ այծ (գերակշիռ մասը՝ ոչխար), ինչ որ նախորդ տարուան նոյն եղանակին բաղդատած՝ աւելի է 35 հազարով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.