ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի մէջ քիչ է լաւ եւ ոչ սուղ պանդոկներուն թիւը: ԼրաAգրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտարարած է Հայաստանի սպառողներու միութեան նախագահ Արմէն Պօղոսեան:
«Ոչ բոլորն են արձակուրդը Հայաստանում անցկացնում, բայց ես շատ եմ ուրախանում, երբ լսում եմ, որ ինչ որ մէկը որոշել է տանը հանգստանալ: Չէ՞ որ մենք իսկապէս բազմաթիւ հիասքանչ վայրեր ունենք ե՛ւ Հայաստանում, ե՛ւ Արցախում, ուր կարելի է այցելել: Նոյնիսկ Երեւանից ոչ հեռու», ըսած է Պօղոսեան:
Ան աւելցուցած է, որ խորքին մէջ անհասկնալի է, որ Հայաստանի մէջ պանդոկներուն գիները ինչո՛ւ այդքան բարձր են (30 տոլարէն աւելի՝ նոյնիսկ միջին կարգի պանդոկներու պարագային)՝ մանաւանդ որ անոնք բաւական համեստ ծառայութիւններ կը մատուցանեն։
«Ցաւօք, մենք այստեղ հիմնաւորում չենք տեսնում: Իսկ արդիւնքում համեստ աշխատավարձով ընտանիքը չգիտի, թէ ուր գնա ամրանը, որպէսզի ունեցած գումարը բաւականացնի», նշած է Արմէն Պօղոսեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.