ՊՈԼԻՍ.- 14 Յունիսի գիշերը Պոլսոյ Գումգաբու թաղամասին մէջ սպաննուած հայաստանցի Համբարձում Յարութիւնեանի մարմինը Հայաստան փոխադրելու եւ հայրենի հողին վրայ թաղելու համար Պոլսոյ մէջ գումարահաւաք կազմակերպուած էր։ «Յարութիւնեանի մարմինը Ուրբաթ օր առաջ օդանաւով տարուած էր Վրաստան, եւ իր ազգականները ինքնաշարժով զայն փոխադրած էին Հայաստան։ Ինչ մեղք, որ դագաղը երկու օր մնաց Վրաստանի մէջ, քանի որ մաքսակէտէն արտօնութիւն չէր տրուեր», կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։
Ըստ «Մարմարա»ի՝ Համբարձում Յարութիւնեան անցեալ տարի Սեպտեմբերին վաճառած էր իր տունը եւ ընտանիքին՝ մօր եւ քրոջ հետ, տեղափոխուած էր Թուրքիա, ուր կը զբաղէին մանրավաճառութեամբ։
«Դէպքին օրը ան իր 11ամեայ որդւոյն հետ միասին գացած էր Գումգաբու, ճամբուն վրայ տեսած էր ընկերը եւ զայն ալ հրաւիրած էր ծովափ, ուր յանկարծ իրենց վրայ յարձակած էին քանի մը անձեր։ Անոնց աչքերուն արցունքաբեր կազ սրսկուած էր ու ոճրագործները սկսած էին աջ ու ձախ դաշունահարելու։ Ընդհանուր առմամբ վեց հայեր դաշունահարուած են։ Յարութիւնեանի որդւոյն՝ Գառնիկին մէկ ձեռքի վրայ բժիշկներ 24 կար դրած են, միւս ձեռքն ալ դաշունահարուած է արմուկէն։ Կ՛ըսեն որ ոճրագործները վանաձորցիներ ու գիւմրեցիներ են, կը պատմէ Համբարձումի ազգականներէն մէկը՝ Էլիզա Պաղիրեան։ Իր խօսքերով՝ Համբարձում ունէր անչափահաս երեք զաւակներ՝ երկու աղջիկ եւ մանչ մը, փոքր զաւակը ընդամէնը հինգ տարեկան էր։ Այս պահուն ընտանիքի բոլոր անդամները Հայաստան են, սակայն յուղարկաւորութենէն ետք մայրն ու քոյրը պիտի վերադառնան Թուրքիա, քանի որ Երեւանի մէջ ապրելու տեղ չունին», կը պատմէ «Մարմարա»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.