Թուրքերն անցան այդ տեղէն, ամէն բան աւեր ու սուգ է դարձած…
Վ. Հիւկօ
Հիւկօն եթէ ուրիշ արժանաւոր բան գրած ալ չըլլար, վերոնշեալ բնորոշումը կրնար զինք անմահացնել՝ բոլոր ժամանակներու համար անանց իր ճշմարտացիութեամբ։
Քեսապը ազատագրուեցաւ… յուսանք՝ վերջնական, յուսանք՝ Մաալուլայի պէս ձեռքէ ձեռք չ՛անցնիր։ Տարագրուած քեսապցիներ կամ հոն տուն ունեցող հալէպցիներ սկսան երթալու՝ տեսնելու համար բարբարոսներէն ետք մնացեալը… տեսնե՞լ, թէ չտեսնելը լաւ էր։ Ի՞նչ կը սպասուէր, երբ հոն խուժած էր թրքութիւնը, իր բոլոր նողկալի տարատեսակներով։
Որ հայուն ինչքը յափշտակելը իրենց նախնիներէն ժառանգ մնացած արեան կանչ է, մենք չենք մոռցած. մոռնալ ու չտեսնել ուզողները տակաւին թող մարդ համարեն ու շոյեն զանոնք։ Մենք կը ճանչնանք անոնց ձեռագիրը, որ Քեսապի մէջ ալ չմոռցան դնել։ Կողոպտել այն, ինչ կարելի է, տեղէն շարժել-հանել, քանդել ու ջարդել այն, ինչ կարելի չէ տանիլ, այրել այն, ինչ չհաւնեցան, այնպէս, որ ըստ ականատեսի պատկերին՝ «Խոզ մը եթէ տունը բանտարկէիր, ասանկ չէր կրնար ընել»։ Առաւել, հեռանալէն առաջ տունին կեդրոնը, պատերուն ու տարբեր տեղեր, շուներու սովորութեան համաձայն՝ դնել իրենց կնիք-հետքը՝ հաստատելու համար թէ ախոռի ու արտաքնոցի մակարդակն իսկ իրենց համար շքեղութիւն է, թէ ծնած են միայն աղբի մէջ ապրելու համար, ու սակայն՝ առիթը ունին կողոպտելու այն, ինչ իրենց լենկթիմուրեան երազներուն մէջ ալ չէին տեսած։
Քեսապը ազատագրուած է… եթէ առիթ տրուի հայերուն վերադառնալու, անոնք կրկին կը շէնցնեն իրենց տունն ու հողը, բայց մինչեւ ե՞րբ, մինչեւ ե՞րբ քաղաքակիրթ աշխարհին աչքին առջեւ այսպէս ազատ պիտի ձգուին թուրքին ու բոլոր թրքազգիներուն վայրի բնազդները։ Ի՜նչ սպասել քաղաքակիրթ աշխարհէն, երբ «գողերի հետքը իր տունն է տանում», երբ ինքն է հովանաւորը վանտալներուն։
Քեսապը, այնուամենայինիւ, ազատագրուեցաւ. Հալէ՞պը… Հալէպը ու մեր Նոր Գիւղը կը շարունակեն մնալ ամէնօրեայ հարուածներու տակ…
Հէ՜յ, լաւ մանրո՜ւք, ասե՜ղ, հուլո՜ւնք,
Մատնի՜ք, մարճա՜ն, ապարանջա՜ն,
Հաւ, ձու բերէ՜ք, առէք տարէ՜ք,
Խունջիկ-մունջիկ հարսն ու աղջիկ,
Էժան կը տամ, լաւը կը տամ…
Յ. Թումանեան
Այս օրերուն զիս զարմացնող ու նաեւ հիացնող երեւոյթներէն մէկն է արաբ մարդու ձեռներէցութիւնն ու «քարին տակէն» հաց հանելու հնարամտութիւնը։ Այս մարդիկ կ՛աշխատին օրն ի բուն, թէկուզ նաեւ ամէնէն «նուաստ» գործեր ընելով։
Հոս աչք պէտք է գոցենք հարցին գեղագիտական կողմին, քանի որ երկու լաւը մէտեղ չ՛ըլլար, ինչպէս կ՛ըսէ ասոյթը։ Պետութիւնը զբաղած ըլլալով՝ ժողովուրդը իր տարերքին մէջ ազատ է… Պարզ է որ դուն յաճախ կ՛անցնիս նեխահոտ ջրափոսերու, ցեխի, հաւի, ձուկի, բանջարեղէնի եւ այլ աւելցուկներու աղբի «գեղեցկութիւններու» մէջէն, սակայն այդ ալ, ի վերջոյ, արեւելեան միջավայր ու գոյն կ՛ապահովէ, չէ՞…
Այսպէս՝ մեր փողոց-«պազար»ները (շուկան հոս քնքոյշ բառ մըն է)։ Եթէ այսօր մայթի հատուած մը ազատ է, վաղը անպայման հոն մէկը գրաւած՝ բան մը կը ծախէ. միտքիդ ծայրէն չանցած ապրանքներ. դուն կը կարծե՞ս որ գնորդ չունի. ապա ինչո՞ւ ամբողջ օրը մայթին կ՛ապրի։ Մէկը բացօթեայ խորտկարան ըրեր՝ «քեպապ» կը ծախէ, ախորժաբեր բոյրերով գայթակղելով անօթիները, ուրիշ մը թիթեղի վրայ՝ «լահմաճին», ծօթրինով հաց ու նման բաներ կը շինէ՝ արագ ու անպայմա՛ն ցուցադրական արուեստով։ Անդին՝ հաւու ուտելի փորտիքը համեմունքներով ու կանաչեղէնով խառներ՝ տեղւոյն վրայ քեզի բրդուճ կը հրամցնէ, ու եթէ ստամոքսիդ տոկունութեան վստահ ես՝ անուշ ըլլայ… Չեմ խօսիր դասական դարձած սեղանիկաւորներու մասին, որոնք միշտ ալ եղած են, իսկ հիմա բազմապատկուեր են՝ «Է՛ստի համեցէ՜ք»… Ու պտուղ, ու բանջարեղէն, ու կաթնեղէն, ու հացա-կարկանդակեղէն բաց երկինքին տակ, ճանճերը եւս սնող, ու մոմեղէն, նաւթ ու կազ, օճառ ու գուլպա, մանրավաճառի զիզիկ-պիզիկ՝ «մատնիք, մարճան, ապարանջան», գետինը՝ լաթի վրայ շարուած ապակեղէն, զանազան մեծ ու մանր գործիքներ՝ որոնք, կը կարծուին, խանութներէ ու բնակարաններէ կողոպտուած ապրանք ըլլալ (հիմա խիղճի հետ հաշիւի նստելու ժամանակը չէ…)։ Գլուխդ կը դառնայ՝ «Ա՜յ լաւ շուկայ, ամէն բան կայ…»։
Բայց խանութպաններն ալ, որոնք առաջուան երանելի օրերուն քաղաքապետարանի միջոցով այս մարդիկը կը քշէին, այսօր ստիպուած են այս մրցումին տոկալու համար քայլեր առնելու։ Ահա մէկը խանութին առջեւ «պէյպի ֆուտ» դրեր՝ տղաքը կը գայթակղէ, ուրիշ մը թուղթ փակցուցեր՝ ձեզի կ՛առաջարկէ տնտեսական բոլոր վճարումները իր վրայ առնել, երրորդը փողոցին մէջ քեզի բանալիներդ կրկնահատել կ՛առաջարկէ, չորրորդը մը կ՛ըսէ՝ մի՛ յուսահատիր որ ելեկտրականութիւն չկայ, հոս հրամմէ. ու մարտկոց դրեր՝ բջջայիններ եւ լապտերներ կը լիցքաւորէ, ընդամէնը 50 սուրիականի… Այսպէս՝ այս բոլորը կ՛ընթանան մոթորներու խլացնող ձայներու ու խեղդող մուխի, խառնամբոխի երեթեւեկի ու վերէն կրակ թափող օդանաւուն հանած դղդրդիւններու ընկերակցութեամբ…
«Է՛ստի համեցէ՜ք»…
***
Ինչ որ ուրիշներու տուիք, ինծի տուած եղաք։
Մտ.25.40
Եթէ աչք ու հոգի ունիս՝ ամէն օր կերածիդ ցաւ կը խառնուի, ի տես մարդու այս նուաստացումին ու տառապանքին։ «Ներսի թաղերէն» եկուորներ, յաճախ տուն, ընտանիք կործանած, մայթերուն ապրանք ծախող՝ իրենց կեցուածքով, մրմունջներով, նաեւ լռութեամբ սիրտդ կը ճմլեն, մեղաւոր կը զգաս, որ դեռ առողջ ես, գնումներ ըրած տունդ կը դառնաս։
Ահա երիտասարդ իսլամ կին մը. չորուկ, դէմքի արտայայտութիւն, հայեացք չկայ. հայեացքը ներս՝ նախապէս տեսածներն ու ապրածները կը դիտէ։ Աթոռակի մը վրայ է, Սուլէյմանիէ բանուկ պողոտայի աջ կամ ձախ մայթին, թերեւս կապուած երթեւեկի խտութեան, թերեւս ալ խանութպանները կը քշեն։ Առջեւը դրած է ոչինչով չգրաւող քանի մը տուփ ու իւրաքանչիւրին գինը. խօսիլ չ՛ուզեր. չի գովեր. չի կանչեր. կարծես անտարբեր է՝ կը գնես թէ ոչ։ Ո՞վ պիտի նայի անոր հոգիէն ներս, ո՞վ պիտի լսէ անոր լուռ ցաւը…
Նոյն ձեւով, ասդին անդին ծերունիներ նստած՝ անձկութեամբ կը նային անցուդարձողներուն ու դողացող ձեռքերով կը վերադասաւորեն, թերեւս առաւել գրաւիչ ընելու համար իրենց խղճուկ «խանութը»։ Արդեօք յաճախորդ ունի՞ն, իսկ խաղաղ ու հանգիստ ծերութիւն վայելելու իրաւո՞ւնք…
Ոտքերը կտրած տղամարդ մը մայթին «նստած», անվերջ կ՛օրօրուի ու անդադար կը մրմնջէ ինչ որ։ Անկէ գնածդ անուշեղէնը կոկորդիդ մէջ լեղի համ պիտի չտա՞յ… իսկ մենք կը կենանք ու կը սակարկենք ալ ամբողջ օրը չոր մայթին ինկած այս մարդոց հետ, որոնք չեն մուրար…
***
Ի՞նչը կը յաղթի կեանքում հերոսին,
Թէ չլինեն կինն ու գինին։
Յ. Թումանեան
Զանազան ու զարմանազան բաներ կը լսենք մեր հայրենիքի ու ժողովուրդի մասին։ Հայրենիքէն արտագաղթը մեզմէ ոմանց համար մղձաւանջ ու աղէտ է, ուրիշներու համար՝ սառը դատողութեան նիւթ։ Կը ցաւի՞ս, կ՛արդարացնե՞ս կամ կը մեղադրե՞ս հեռացողները, մանաւանդ՝ հեռացնողնե՛րը, այս պիզնեսը ծրագրողնե՛րը, իրագործողնե՛րը, դիւրացնողնե՛րը, միեւնոյնն է, երակը բաց է…
Յիշենք մեր պատմութեան մէջ բազմիցս հաստատուած իրողութիւն մը՝ ոչինչ կրնար յաղթել հայութեան, եթէ չըլլային… հայեր։
Գիտենք որ կարգ մը հայեր, անշուշտ վերին ինչ-ինչ ոլորտներէ կանաչ լոյս առած՝ կը պարպեն մեր երկիրը, սեփական անտակ գրպանները լեցնելու համար… Աստուած իրենց հազար տարի կեանք թող տայ, որ հասցնեն «վայելել» իրենց կուտակածը։
Իսկ հեռացողնե՞րը. կը խօսուի, օրինակ, հայորդիի մը մասին, որ արդէն տասնութը տարի այս գործով կը զբաղի… այսինքն՝ գիտէ Հայաստանը հայերէ պարպելու բոլոր ուղիները… ու եթէ ամիսը գէթ տաս հոգի տարած ըլլայ (մինչդեռ աւելին տարած է), տասնութը տարուան մէջ քանի՜ հայ «փրկած» է մարդը. արժանի չէ՞ ազգային ծառայութեան համար շքանշանի։ Բայց ի՞նչ կը մեղադրէք զինք ու նոյն (խիստ շահաբեր) պիզնեսով զբաղողները, մարդիկ կը խնդրեն, իրենք ալ կը տանին։
Իսկ մարդիկ… Երեւակայեցէք, ո՜ւր պիտի հասնի (հասցուի՛) հայ մարդը, որ Հայաստանէն դուրս փախչելու համար ինքզինք գիտակցաբա՛ր, ուզելո՜վ վարակէ որեւէ ծանր հիւանդութեամբ՝ եւրոպացիներու խիղճին ազդելու ու հոն մնալու ողորմութիւն ստանալու համար (դեռ չհասկցան, որ եւրոպացին ռոմանթիզմը միայն գիրքերու մէջ կը սիրէ)։
Նաեւ՝ ո՜ւր հասած պիտի ըլլայ հայը, որ Եւրոպա մտնելու համար իր վրայ առնէ… թուրքի՛ անուն մականուն։ Մինչդեռ եւրոպացիներ այս «հնարամտութեան» արժէք չեն տար ու կը նախընտրեն արաբ, թուրք, քիւրտ, էրիթերիացի ու այլ ազգեր առնել, բայց ոչ՝ հայեր (որքա՜ն բարի են ռուսերը, որ ընդունած են միլիոնաւոր հայերը ու դուռերը տակաւ լայնօրէն բաց են…)։ Կը պարզուի, կամաւոր թրքանալը հայոց մէջ բնաւ սակաւադէպ ու արտակարգ բան մը չէ (մեղա՜յ միլիոնաւոր զոհերու հոգիներուն)։ Երբ այս մասին խօսող հայու մը հարցուցած են, թէ ինչո՞ւ ինք ալ նոյն միջոցին չէ դիմած, ան ոչ թէ բարկացած է զինք վիրաւորելուն համար, այլ հանգիստ բացատրած է, թէ թրքերէն չի գիտեր, ապա եթէ բռնուի՞… Ահա՛ գործնական հայու առողջ մտածողութիւն… Բայց ես աւելի գործնական առաջարկ ունիմ՝ երկրէն հեռանալ ուզողներու համար թրքերէնի ձրի դասընթացքներ ընել…
Նոյն առողջ մտածողութեամբ ալ Ռուսիա գացող հայերէն շատեր կ՛աճապարեն ոչ միայն հայերէնը հնարաւորինս արագ մոռնալ, այլ նաեւ անուն-տոհմանունը քերել-ջնջել իրենց վրայէն. (իսկ որպէսզի մնացեալը բարեփոխուի ու անոնց ճաշակին յարմարեցուի, այսինքն՝ ռուսերու խօսքով, մեր «կովկասեան արտաքինը»՝ արծուենի քիթ, թուխ մաշկ, մազի գոյն եւ այլն, ժամանակակից միջոցներ շատ են)։
Իսկ մեզմէ շատեր, ամբողջ լրջութեամբ, դեռ մեծ Հայաստանի երազներ կը փայփայեն…