
«Ֆութպոլային դաշտահանդէս» ընդհանուր խորագիրը կրող բացման հանդիսութիւնը Ատրպատականի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի պարտէզին այս տարի տեղի ունեցաւ իւրայատուկ ոգեւորութեան մթնոլորտի մէջ, նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի:
Ուրբաթ, 20 Յունիսի երեկոյեան ժամը 9էն սկսեալ, կազմակերպութեամբ «Ալիք» հաստատութեան Թաւրիզի մասնաճիւղի, նախագահութեամբ առաջնորդ սր-բազան հօր, Ազգային իշխանութեան անդամներուն եւ ժողովրդային հոծ բազմութեան, ամրան եղանակի համար բացուած յայտարարուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի կանաչազարդ շրջափակը, ամբողջ երեք ամիսներու համար:
Դպրոցական քննութիւններուն յաջորդած քանի մը օրերուն ընթացքին կատարօւող տարեկան աւանդական բացումը այս տարի կը զուգադիպէր ֆուտպոլի աշխարհի ախոյեանութեան օրերուն: Ուստի, թէ՛ մրցումներու խանդավառութիւնը եւ թէ պարտէզի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը միատեղելու գեղեցիկ մտադրութեամբ, «Ալիք» հաստատութեան վարչութիւնը հսկայ պաստառներ զետեղած էր շրջափակէն ներս, որպէսզի ֆութպոլասէր երիտասարդութիւնը կարենայ հետեւիլ խաղերուն:
Պաշտօնական բացման երեկոյի կազմակերպիչները մասնաւոր աշխատանքով յաջողեցուցած էին տարբեր տարիքի ներկաներուն ճաշակը գոհացնող զբօսանքներ, խաղեր ու զուարճալիքներ ստեղծել:
Յայտնենք նաեւ, թէ Թաւրիզի քաղաքապետութեան կողմէ ման-կական արդիական խաղեր՝ սահնակներ եւ օրօրոցային ճօճանակներ յարմարցուած էին շրջափակին մէջ, որպէս նուէր Թաւրիզի քաղաքապետ դոկտ. Նեճեֆիին կողմէ, առաջնորդ սրբազանի՝ իրեն տուած պաշտօնական այցելութեան առիթով: