
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Աշխարհահռչակ «Տիփ Փըրփըլ» խումբի երգիչ Իըն Կիլան արժանացած է «Հայերի բարեկամ» կոչումին՝ ըստ խումբի պաշտօնական կայքին: Կոչումը կը շնորհուի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմին կողմէ:
Կիլան այս կոչումին արժանացած է յատկապէս Գիւմրիի թիւ 6 երաժշտական դպրոցի կառուցման աշխատանքներուն իր մասնակցութեան համար: Մրցանակը երգիչին պիտի յանձնուի Ուրբաթ, Մայիս 2ին, Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք Արեւելեան թեմի տարեկան 112րդ ձեռնարկին ընթացքին: