ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Պարարուեստի միջազգային օրը Հայաստանի ճարտարապետներու միութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցած է պարերու արձանագրութեան «Կաքաւագիր» համակարգի շնորհահանդէսը:
Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն՝ «Կաքաւագիրը» պարային շարժումներու արձանագրութեան նոր համակարգչային ծրագիր է, որուն ստեղծման հիմքը Սրբուհի Լիսիցեանի ստեղծած շարժումներու արձանագրութեան համակարգն է՝ շարժում եւ գծանկար:
Շնորհահանդէսին ներկայ եղած է Ս. Լիսիցեանի աշակերտուհի, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի առաջատար գիտաշխատող, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Ժենեա Խաչատրեանը, որ խօսած է պարարուեստի եւ ազգագրութեան ոլորտին մէջ Սրբուհի Լիսիցեանի թողած մեծ ժառանգութեան մասին:
2013 թուականին մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ ռուսերէնէ հայերէն թարգմանուած եւ հրատարակուած է Ս. Լիսիցեանի «Հայ ժողովրդի հինաւուրց պարերը եւ թատերական ներկայացումները» ուսումնասիրութիւնը: Հիմնարար եւ կոթողային մեծարժէք աշխատութիւնը նուիրուած է հայ մշակոյթի կարեւորագոյն բնագաւառներուն, ինչպէս՝ պարային, բառային ու երաժշտական արուեստ։ Ուսումնասիրութիւնը ազգագրական, բանահիւսական, հնագիտական, պատմական, արուեստաբանական եւ այլ նիւթերու հիման վրայ կատարուած աւելի քան երեսուն տարուան հետեւողական աշխատանքի արգասիք է, որ այսօր հիմք կը հանդիսանայ հայկական ազգագրական պարերու ուսումնասիրութեան եւ սերունդներուն անաղարտօրէն փոխանցման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.