ԿԱՐԻՆ ՔԵՍԱՊԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ Մաշտոց քոլեճի տիկնանց միութեան Շաբաթ, 22 Մարտ 2014ին MGM ճաշասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Միջինքի աւանդական ճաշկերոյթ-խրախճանքը:
Քոլեճի տնօրէն դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան բարի գալուստի եւ շնորհակալական ջերմ խօսքերով ողջունեց ներկաները՝ յատկապէս երախտագիտական զգացումներով գնահատեց Մաշտոց քոլեճի տիկնանց միութեան կազմակերպած տարեկան այս 4րդ ձեռնարկը, գործունէութիւնն ու ծաւալուն աշխատանքը՝ ըսելով. «Չկայ աւելի վեհ ու նուիրական կոչում եւ սէր, քան անձերու պատրաստակամութիւնը՝ ծառայելու մեր ազգային կառոյցներուն, որոնք ստեղծուած են յանուն հայակերտումի ազգային նպատակներու: Սփիիռքահայ այս հայահոծ գաղութէն ներս Մաշտոց քոլեճը կը հանդիսանայ երկնային տեսիլքի վեհ առաքելութիւն մը, որ նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ բարձրագոյն կրթութեան նուիրուած հայկական միակ օճախն է, ուրկէ ցարդ 6000 հայորդի շրջանաւարտ եղած են»: Իր խօսքի աւարտին ան հրաւիրեց օրուան բանախօսը՝ Պարթեւ Կիւլիւմեանը, որպէսզի նախ օրհնէ սեղանները, ապա փոխանցէ օրուան խորհուրդը:
Պատգամախօսը բացատրեց, թէ ի՞նչ նշանակութիւն ունի Միջինքը, որ փակեալ խորանէն սկսեալ կ՛երկարի մինչեւ Աւագ Շաբաթ օր, ընդամէնը՝ 48 օրեր, որոնց ճիշդ կիսուն կը յայտնուի Միջինքը: «Միջինքը հաւանաբար հաստատուած է յիշեցնելու համար, թէ մեծ պահքը հասած է իր կիսուն: Հետեւաբար այս օրը երկարատեւ պահքի շրջանին կէսը նուաճած ըլլալու աւետումն է, որ նաեւ խնդութեան առիթ կը նկատուի. եւ ուրեմն այսօր հաւաքուած ենք այս սեղաններուն շուրջ ու կը վայելենք օրուան խորհուրդը ցոլացնող պահքի յատուկ աղանդերներով»:
Այնուհետեւ, օրուան հանդիսավարուհի՝ Մաշտոց քոլեճի տիկնանց օժանդակ մարմինի ատենապետուհի Արփի Արփաճեան Աստուածաշունչի օրինակներ նուիրեց ձեռնարկին ներկայ հարսնցուներուն եւ զանոնք բեմ հրաւիրելով՝ ըսաւ. «Թող Աստուծոյ շունչը ձեր օճախներուն մէջ յաւերժօրէն վառ մնայ»:
Միջինքին զուգահեռ նշուեցաւ նաեւ Մարտ 8ի Կանանց տօնը: Այս առիթով օրուան 3 բախտաւոր տիկինները Արփի Արփաճեանէն ստացան իրենց նուէրները՝ «Աստուաշուն»չ, «Պահքի Համով Հոտով Ճաշագիրք» եւ «Ծաղկեփունջ» հատորները, միաժամանակ նշելով անոնց խորհուրդները (առաջինը՝ Աստուծոյ ներկայութեան մասին, երկրորդը՝ հայ կնոջ նուիրուածութիւնը իր ընտանիքին եւ երրորդը՝ հայ կինը իբրեւ տան զարդը):
Աւանդական ճաշկերոյթ-խրախճանքը ծաղկեցուց գաղութիս սիրուած երգիչ Նշան Ջաղացպանեան՝ երգելով Սայեաթ Նովայի եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն փունջ մը: Ելոյթ ունեցան նաեւ «Բարեկամութիւն» պարախումբէն մենապարուհի մը եւ «Թանաշեան եղբայրներ» պարախումբի սաները, որոնք ներկայացուցին «Սպասում», «Կիւմրի» եւ «Հայ-Հայ» պարերը՝ ստեղծելով մեծ խանդավառութիւն:
Հայրենական աւանդութիւններն ու սովորութիւնները մեզի համար կենսաւորման եւ ներշնչման աղբիւրներ են, որոնք պէտք է պահպանուին եւ փոխանցուին նոր սերունդներուն: Այս գիտակցութեամբ է նաեւ, որ Միջինքը կը տօնուի պաշտօնական հանդիսութիւններով կամ անհատական նախաձեռնութիւններով, որպէսզի հայ ազգը կառչած մնայ իր անցեալի սովորութիւններուն եւ տէր կանգնի իր ազզային աւանդութիւններուն: