
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կիրակի, Մայիս 4ին, կ.ե. ժամը 5էն սկսեալ, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Շիրակ Խոջոյեանի «Ծիրան. Օրհնուած Ծառը Հայաստանի» վաւերագրական ֆիլմին անդրանիկ ցուցադրութիւնը:
Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ, Համազգայինի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղի ու Իրաքահայ միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունենալիք սոյն ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան երգիչ Արմէն Տաքէսեան ու Համազգայինի «Անի» պարախումբը:
Եկեղեցւոյ հասցէն է՝ 2215 E Colorado Blvd., Pasadena, CA, 91107:
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: