Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2014ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին, Էնսինոյի Ֆերահեան Ազգային վաժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան 99րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման հանդիսութիւն մը։ Սոյն հանդիսութիւնը աննախընթացօրէն կազմակերպուած է շրջանի ՀՅԴ «Ռոստոմ», «Բաբգէն Սիւնի» եւ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեանց ու Պոլսահայ միութեան կողմէ համագործակցաբար:
Հանդիսութեան գլխաւոր բանախօսն է իրաւաբան Էտվին Մինասեան, փակման պատգամը պիտի փոխանցէ Դաւիթ Առաքելեան, իսկ գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Յովիկ եւ Նանոր Սէրայտարեաններ, Հօշարեան եղբայրք եւ Այլին Ամիրայեան։ Ձեռնարկին ներկայ պիտի գտնուին նաեւ քաղաքական դէմքեր։ Պիտի կատարուի մոմավառութիւն եւ ուխտի վերանորոգում։
99 տարիներէ ի վեր, տակաւին անհատոյց կը մնայ հայոց արդար իրաւունքը. Թուրքիան տակաւին կը շարունակէ ուրանալ իր պապերուն գործած անմարդկային ու անարգ ոճիրը, աւելին՝ «ֆէսերը» արդիական արտաքինով փոխարինած մերօրեայ թուրքը, կը գործադրէ նոր ցեղասպանութիւն՝ հովանաւորելով Քեսապի համայն հայութեան տեղահանումը։ Ու տակաւին, աշխարհասփիւռ հայութիւնը կը սպասէ… որ ցեղասպանը իր պատիժը ստանայ եւ Ամերիկայի մեծաթիւ նահանգներու եւ այլ երկիրներու օրինակին հետեւելով՝ մեր նախագահը եւս ճշմարտութիւնը յայտարարէ…
Էտվին Մինասեան, իբրեւ իրաւաբան եւ պոլսահայ, այդ օրը ներկաներուն պիտի փոխանցէ Ցեղասպանութեան արդարահատուցման իրաւական երեսը, միջազգային գետնի վրայ մեր պահանջներուն իրատես վիճակը, Թուրքիոյ ներկայի կառավարութեան քաղաքականութիւնը, անցեալի գործընթացն ու իր ականատեսի վկայութիւնները։
Դաւիթ Առաքելեան, իր կարգին, պիտի փոխանցէ Հայ Դատի գծով մեր աշխատանքները եւ 100ամեակի սեմին մեր ծրագիրները՝ մինչեւ դարաւոր մեր պահանջներուն արդար հատուցումը։
Վստահ ենք, որ այդ օրը մեծաթիւ ներկայութեամբ մեր յարգանքի տուրքը պիտի մատուցենք մեր անթաղ միլիոնաւոր նահատակներու յիշատակին ու անգամ մը եւս պիտի յիշեցնենք համայն աշխարհին, թէ տարիները ոչինչ կը նսեմացնեն մեր պայքարի թափէն կամ պահանջատիրութենէն. պիտի դառնանք աւելի՛ զօրաւոր մեր պայքարին մէջ, մեր շարքերը աւելի՛ պիտի խտանան ու պիտի չմոռնանք, մինչեւ որ Թուրքիան ընդունի իր ոճիրը։
