
Ուրբաթ, Ապրիլ 4ին, Պոսթընի կեդրոնը գտնուող պետական «Օ՛նիլ» շէնքի մուտքին, խումբ մը հայորդիներ կատարեցին խաղաղ ցոյց մը ի նպաստ Քեսապի: Ցուցարարները պաստառներով եւ լօզունգներով կը պահանջէին ահաբեկիչներու ելքը Քեսապէն: Նաեւ, այս առթիւ անոնք ցրուեցին տեղեկատուական թռուցիկներ, որոնց մէջ մանրամասնութեամբ կը ներկայացուէր Քեսապի պատմութիւնն ու անցուդարձը: Նշենք, թէ այս հաւաքը կազմակերպուած էր ՀԵԴի եւ Մեսեչուսեցի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ: