
ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութիւնը անցնող շաբաթավերջին եւ երեք կեդրոնական վայրերու մէջ թռուցիկներ բաժնեց Քեսապի դէպքերուն առնչութեամբ, յոյն հասարակութիւնը հայաբնակ Քեսապի ճգնաժամային իրավիճակի մասին տեղեակ պահելու նպատակով:
Երիտասարդները համախմբուեցան Փիրէայի Քորայի, Նէա Զմիռնիի կեդրոնական հրապարակներուն եւ Թեսաղոնիկէի
Արիսթոթելուս հրապարակին վրայ, ուր երկար մնացին, անցորդներուն թռուցիկները բաժնելով եւ անոնց հարցումներուն պատասխանելով:
Աթէնքի եւ Փիրէայի մէջ ՀՅԴ «Դրօ» եւ «Փոթորիկ» խումբերը եւ Թեսաղոնիկէի մէջ «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբի անդամները, յատկապէս պատրաստուած թռուցիկին մէջ մանրամասնօրէն կը նշէին քեսապահայութեան տեղահանման հարցի տուեալները, պարզելով Թուրքիոյ դերակատարութիւնը եւ մատնանշելով միջազգային քաղաքական հանրութեան անտարբերութիւնը: