
ԹԱՒՐԻԶ.- Շաբաթ, 29 Մարտի կէսօրին, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, ընկերակցութեամբ Ազգային իշխանութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան մը, այցելութիւն տուաւ Ատրպատականի մէջ Փոքրամասնութիւններու նորանշանակ ընդհանոր տնօրէն Ալի Աքպար Սեֆիփուրին:
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման հիմնական նպատակն էր շնորհաւորել նորանշանակ ընդհանուր տնօրէնը, սոյն պատասխանատու պաշտօնը ստանձնելուն առիթով:
Թեմակալ առաջնորդը խօսք առնելով, թեմի անունով շնորհաւորեց Սեֆիփուրը՝ մաղթելով, որ անոր պաշտօնավարութեան շր-ջանին եւս շարունակուին սերտ յարաբերութիւնները Թեմական իշխանութեան եւ փոքրամասնութեան հիմնարկութեան միջեւ: Ան այս առիթով կարեւորութեամբ շեշտեց քրիստոնեաներու եւ հայ համայնքի ներկայութիւնը եւ դերակատարութիւնը Իրանի Իսլամական հանրապետութեան մէջ, ուր «մենք կ՛ապրինք լիիրաւ քաղաքացիի բոլոր իրաւունքներով, մեր եկեղեցիներու, դպրոցներու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ազատ գործունէութեամբ»:
Երեսփոխանական ժողովի ու ազգային վարչութեան ատենապետները եւ ազգային իշխանութեան անդամները եւս իրենց շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին յատկապէս պարսկական նոր տարուան առիթով:
Ընդհանուր տնօրէն Սեֆիփուր իր շնորհակալութիւնները յայտնելով սոյն շնորհաւորական այցելութեան համար, հաւաստիացուց թեմակալ առաջնորդին եւ Ազգային իշխանութեան, թէ Իրանի Իսլամական հանրապետութեան սահմաններէն ներս ապրող բոլոր փոքրամասնութիւնները, որոնց շարքին նաեւ հայ համայնքը կարեւոր նշանակութիւն ունին պետական բոլոր կառոյցներուն համար եւ թէ՝ փոքրամասնութիւններու խաղաղ կեանքի ու քաղաքացիական բոլոր իրաւունքներու պահպանումը իրենց համար առաջնակարգ պարտականութիւն է:
Այցելութեան աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում: Սոյն այցելութենէն ետք, միեւնոյն հիմնարկութեան մէջ դարձեալ մտերմիկ հանդիպում կայացաւ Փոքրամասնութիւններու յարաբերական գրասենեակի պատասխանատու Հիւսէյի հետ:
Հանդիպման ընթացքին թեմի կեանքը յուզող հարցերէն բացի, նաեւ արծարծուեցան վերջին շաբաթներուն Սուրիոյ քաղաքական զարգացումները եւ յատկապէս սուրիահայերու կրած նեղութիւնները ու քեսապահայութեան տեղահանութիւնը: Պետական պատասխանատուներ բաժնեցին թեմակալ առաջնորդին եւ Ազգային իշխանութեան մտահոգութիւնը, յիշեցնելով թէ Իրանի Իսլամական հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան համար մեծ նշանակութիւն ունի Սուրիան, Միջին Արեւելքի մէջ պատմական սահմաններու պահպանման ու տարածաշրջանային ապահովութեան առումով: