ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Էն.Թի.Վի.» կայանը Չորեքշաբթի, Ապրիլ 2ին հաղորդեց, թէ Քեսապի մէջ մնացած տարեց հայ բնակիչներէն երեքը կրցած են խոյս տալ իսլամ ծայրայեղականներու կողմէ գրաւուած քաղաքէն՝ անցնելով Թուրքիա։ Տարեցները, որոնցմէ երկուքը քոյրեր են, Թուրքիոյ սահմանին վրայ անհրաժեշտ ստուգումներէ ետք, պիտի երթան Սամանտաղ, իրենց ազգականներուն մօտ։
Տարեց քոյրերն են՝ Սաթենիկ եւ Սրբուհի Թիթիզեանները։ Քոյրերէն մէկը, իր ուրախութիւնը արտայայտելու համար երգած է. «Անդրանիկ մեզի պաշտպան, ա՛ն պիտի ըլլայ մեզի պահապան»։
Թրքական «Սապահ» թերթին համաձայն՝ 80 եւ 82ամեայ Սրբուհի եւ Սաթենիկ Թիթիզեանները պիտի տեղափոխուին Վագըֆ հայկական գիւղը:
Այս առիթով, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու դարձեալ յայտարարեց, թէ Անգարա կապ չունի Քեսապի վրայ յարձակած «Քայիտա»ի զինեալներուն հետ՝ կրկնելով, թէ Թուրքիա իր դռները բացած է բոլոր գաղթականներուն, ներառեալ՝ հայերուն առջեւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.