ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանը հսկող լիբանանեան բանակի ջոկատ մը շաբաթավերջին դարձաւ ականահարումի թիրախ, երբ անձնասպանական գործողութեան հեղինակ մը զինուորներուն մօտ պայթեցուց ականուած ինքնաշարժ մը՝ սպաննելով երեք զինուորներ եւ վիրաւորելով երեք ուրիշներ:
Յարձակումին պատասխանատուութիւնը ստանձնած խմբակը զայն նկատեց անցեալ շաբաթ Արսալի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկիչի մը սպանութեան վրէժը: Լիբանանի սահմանակից սուրիական գիւղերուն մէջ ապստամբներուն կրած յաջորդական պարտութիւններուն հետեւանքով, մեծ թիւով ապստամբներ Լիբանան անցած են՝ անկայուն դարձնելով սահմանային շրջանները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.