ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քանի մը օրէ ի վեր Թուրքիոյ մէջ պայթած է փոթորիկ մը՝ արտաքին գործոց նախարարին, գաղտնի սպասարկութեան պետին, սպայակոյտի փոխնախագահին ու պաշտպանութեան փոխնախարարին միջեւ Սուրիոյ հարցով կատարուած գաղտնի խորհրդակցութեան բացայայտումին հետեւանքով: Նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ յայտնեց, թէ ասիկա պատահար մըն է, որուն նկատմամբ «երբե՛ք ներողամտութիւն չենք կրնար ցոյց տալ։ Պատասխանատուները ամէնէն ծանր ձեւով պիտի պատժուին»։ Ան եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու հայրենադաւութիւն նկատեցին այս արարքը:
Սակայն, հարցը ունի նաեւ ուրիշ երես մը։ Գաղտնապահութեան միջոցառումներով օժտուած նման աշխատասենեակի մէջ խօսուածները ինչպէ՞ս լսուած են: Սենեակը ծայրէ ծայր խուզարկուած է՝ գտնելու համար ունկնդրութեան գործիք մը, որ սակայն չէ գտնուած: Մասնագէտները համակարծիք են, որ ունկնդրութեան պատասխանատուն ներսէն է, ուստի՝ այժմ կը քննուին այդ սենեակը մտնել-ելլելու արտօնութիւն ունեցող պաշտօնեաները։
Անցնող շաբաթավերջին, իբրեւ առաջին կասկածելի՝ հսկողութեան տակ առնուեցաւ լրագրող Էօնտեր Այթաչ, որ ունկնդրութեան հրապարակումէն առաջ իսկ ձգած է այն տպաւորութիւնը, թէ լուր ունէր ժողովի ընթացքին խօսուածներէն։
Հաւաքին ընթացքին խօսուածներուն հրապարակուած ըլլալը մեծ վնաս կրնայ պատճառել ապահովութեան միջոցառումներուն, եւ կ՛ըուսի, թէ այժմ աւելի լուրջ վտանգի տակ է Սուրիոյ մէջ Սիւլէյման շահի գերեզմանը պաշտպանող 48 թուրք զինուորներուն կեանքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.