ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Ատրպէյճանի մօտ Իրանի դեսպան Մոհսուն Փաք Ային հանդիպում ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Դեսպանատունէն լրատու գործակալութեան հաղորդած են, թէ դեսպանը Ալիեւին փոխանցած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի կողմէ Իրան այցելելու հրաւէրը:
Ալիեւ ընդունած է Իրանի նախագահին հրաւէրը եւ աւելցուցած, թէ Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ Իրանի նախագահին հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք, երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու նոր փուլ մը սկսած է:
Ալիեւ ընդգծած է, որ Ատրպէյճան պատրաստ է Իրանի հետ բոլոր մարզերուն մէջ համագործակցութիւնը ընդարձակելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.