
ՔԻԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Իշխանութենէն հեռացուած եւ Ռուսիա ապաստանած Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ Ուրբաթ, Փետրուար 28ին մամլոյ ասուլիս մը տուաւ հարաւային Ռուսիոյ Ռոսթով քաղաքին մէջ՝ պնդելով, որ ինք կը շարունակէ մնալ երկրին օրինական նախագահը:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Եանուքովիչ բացատրեց, թէ Քիեւէն հեռացած է իր կեանքին սպառնացող վտանգին պատճառով, եւ ապօրինի նկատեց այս շաբթուան ընթացքին իշխանութիւնը ստանձնած Ուքրանիոյ նոր կառավարութիւնը:
«Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցածը Արեւմուտքի անպատասխանատու քաղաքականութեան արդիւնքն է», ըսաւ ան՝ կոչ ընելով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին, որ աւելի կարծր կեցուածք ցուցաբերէ Ուքրանիոյ նոր իշխանութեանց դէմ: Միաժամանակ, ան շեշտեց, թէ ներկայ հանգրուանին զինուորական միջամտութեան խնդրանք մը պիտի չներկայացնէ Մոսկուայի իշխանութեանց:
Եանուքովիչ նաեւ շեշտեց, թէ տագնապին լուծման համար պէտք է հանրաքուէ կատարել եւ թէ Խրիմի բնակչութեան ապահովութիւնը պէտք է երաշխաւորել:
Ըստ ռուսական «Քոմսոմլսքայա Փրաւտա» օրաթերթին՝ Փութին Եանուքովիչի յայտնած է, որ կը մերժէ ռուսական ուժեր Ուքրանիա ուղարկել եւ կ՛աջակցի Ուքրանիոյ մէջ քաղաքական լուծումին:
Միւս կողմէ, Ուքրանիոյ խորհրդարանը ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին դիմեց՝ քննարկելու համար Ուքրանիոյ տագնապը: Ուքրանիոյ խորհրդարանը նաեւ Ռուսիայէն պահանջեց, որ ուքրանական տարածքներու գերիշխանութիւնը չոտնակոխէ:
Ուրբաթ օր, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ճան Քերիի եւ Սերկէյ Լաւրովի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին, կողմերը խոստացան ուղղակի չմիջամտել Ուքրանիոյ ներքին հարցերուն, մինչ Լաւրով անհիմն նկատեց տարաձայնուած այն տեղեկութիւնները, թէ ռուսական ուժեր գրաւած են ուքրանական կարգ մը դիրքեր:
Նաեւ, Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն պիտի աջակցի ուքրանական նոր կառավարութեան: